Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր Հանդիպեցաւ Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ
Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2019-ին, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, Գանատայի պաշտօնական ընդդիմութեան եւ Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Անտրու Շիր այցելեց Թորոնթոյի Հայ կեդրոն եւ ներկայ գտնուեցաւ տեղւոյն Ս. Աստուածածին Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. Պատարագին:
Պատարագէն ետք, Շիր շնորհաւորեց տեղւոյն հայ համայնքը եւ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու հնարաւորութիւնները, Հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներն ու հայ համայնքի ակնկալիքները, տեղական շարք մը հարցեր եւ Հայ Դատի քաղաքական առաջնահերթութիւնները: Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախեան հիմնահարցի առնչութեամբ Պահպանողական կուսակցութեան տարած դրական աշխատանքին, Գանատա-Հայաստան փոխ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութեանց յիշատակման, կանխարգիլման եւ ուսուցման կարեւոր օրակարգերուն:
Իր կարգին, Շիր իր կուսակցութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատի օրակարգին, շեշտելով որ իրենք եղած են եւ միշտ պիտի մնան հայ ժողովուրդի ջերմ բարեկամներն ու հայութեան դատի պաշտպանները:
Նշենք, որ 12 Դեկտեմբեր 2019-ին, Շիր իր հրաժարականը ներկայացուց որպէս Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար, սակայն ան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել, մինչեւ նոր ղեկավարի մը ընտրութիւնը, որ նախատեսուած է 27 Յունիս 2020-ին