Պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէիրմէնճեանի բանախօսութեամբ Պոլսահայութեան մասին լսարաններ պիտի կայանան Մոնթրէալի մէջ

Պոլսահայ Մշակութային Միութեան Մէկ Մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Մոնթրէալի մէջ տեղի պիտի ունենայ լսարաններու շարք մը: Այս առթիւ միութիւնը Իսթանպուլէն յատկապէս հրաւիրած է խմբագիր, ուսուցիչ, թարգմանիչ եւ հրատարակիչ Սեւան Տէիրմէնճեան:

Առաջին լսարանը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 10 Յունուար 2020-ին, իրիկուան ժամը 9:00-ին, «Պոլսոյ հայ վարժարանները եւ ուսումնական մակարդակը» թեմայով:

Երկրորդ լսարանը, համագործակցութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 17 Յունուար 2020-ին, իրիկուան ժամը 9:00-ին, «Պոլսահայ տպագրական կեանքը, Արաս հրատարակչութիւնը, պոլսահայ գրականութիւնը» թեմայով:

Երրորդ լսարանը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Հրանդ Տինքի ժառանգը եւ ներկայիս Թուրքիան» թեմայով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.