Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի շնորհաւորական ուղերձը «Հորիզոն»ի 40-ամեակին առթիւ
Սիրելի՛ բարեկամներ.
Ուրախութեամբ կը յայտնեմ ջերմ շնորհաւորանքս «Հորիզոն» շաբաթաթերթի ընթերցողներուն՝ 40-ամեակին առթիւ: Այս մէկը բացառիկ առիթ է, որ յետադարձ ակնարկ մը նետենք շաբաթաթերթին պատմութեան եւ ընդգծենք անոր իրագործումները: 40 տարի շարունակ «Հորիզոն»ը հաւատարմօրէն զեկուցած է Գանատայի հայ համայնքին ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններուն մասին: Ես վստահ եմ, որ ան պիտի շարունակէ հարստացնել հայ համայնքի անդամներուն առօրեան՝ ձայն տալով անոնց յոյսերուն եւ երազներուն, ինչպէս նաեւ մասնակցելով մեր հասարակութեան վերաբերող բանավէճերուն: «Հորիզոն»ի առնչուած իւրաքանչիւր ոք իր համայնքին մօտ հպարտութիւն պէտք է զգայ անոր նուիրումին համար:
Գանատայի Կառավարութեան անունով կը շնորհաւորեմ ձեր գալիք բոլոր նուաճումները:
Յարգանօք՝
Ճասթին Թրուտօ
Գանատայի վարչապետ