Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան Կը նշանակուի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներու Վարիչ

Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիրակութեան եւ Երիտասարդական նորահաստատ Բաժանմունքները իրենց աշխատանքները կը շարունակեն վերակազմակերպ նոր ծրագրաւորումով, նոյն եւ միակ նպատակի մը համար, որ է՝ Գանատահայ հաւատացեալին, ի մասնաւորի՝ երիտասարդին ու պատանիին ջամբել Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ակունքներէն բղխող հաւատքի աւիշ եւ զայն պահել մեր դարաւոր Սուրբ եւ Առաքելական Եկեղեցւոյ ապահով կամարներուն ներքեւ։
Բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան նշանակուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Երիտասարդական Բաժանմունքներու վարիչ եւ իրեն վստահուեցաւ պատասխանատուութեան քաղցր լուծը։

Կենսագրական հակիրճ գիծեր.-
Գերապատիւ՝ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Աբեղայական ձեռնադրութիւն ստացած է 2001 թուականին, ձեռամբ Վարուժան Արք. Հերկելեանի, այնուհետեւ ծառայելով որպէս կուսակրօն քահանայ, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: 2009 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան, ձեռամբ՝ Նարեկ Արք. Ալէմէզեանի, իսկ 2016ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետական աստիճան, ձեռամբ Խաժակ Արք. Յակոբեանի:
​Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան (Մ.Տ.Կ.) Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, Հայր Գեղարդ հետեւած է աստուածաբանական յատուկ դասընթացքներու, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Զուիցերիոյ Պոսէի Միջ-Եկեղեցական Հիմնարկէն ներս:
​Հայր Գեղարդ ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատուութիւնները.
Մ.Տ.Կ. Կաթողիկոսութեան Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչի օգնական
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչի օգնական
Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ
Թեսաղոնիկահայ գաղութի հոգեւոր հովիւ, Յունաստան

​2009 թուականէն ի վեր, Հայր Գեղարդ հաստատուած է Գանատա, նախ ծառայելով Սէնթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, միեւնոյն ժամանակ՝ ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նիակարա Ֆոլզ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ այցելու հովիւի պարտականութիւնը: Ապա, 2012ին Հայր Սուրբը նշանակուած է Գէյմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Հովիւ:
​2009-2012 Հայր Սուրբը վարած է Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան Խորհուրդի Վարիչի պաշտօնը:
​Գանատա հաստատուելէ ետք, Հայր Գեղարդ հետեւած է աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման, Համիլթըն քաղաքի Մքմասթըր համալսարանէն ներս, եւ արժանացած Սուրբ Գրային Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի (Master’s) վկայականին:
​2016-2019 Հայր Սուրբը ստանձնած է Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի պաշտօնը։
​2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, Հայր Գեղարդ նշանակուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Խաղաղութեան եւ Արդարութեան Ուխտագնացութիւն» Յանձնաժողովին:
Բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, 6 Յունուար 2018-ին, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան նշանակուեցաւ Առաջնորդական Փոխանորդ։
​Հայր Սուրբը իր Աստուածատուր շնորհներով, ձեռներեցութեամբ վարած է իրեն վստահուած առաքելութիւնը եւ ծառայական իր այս նոր հանգրուանին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.