Նշմար. Այո՛, Դուք Ախոյեան Էք
ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ
Երկար տարիներու աշխատանքը հասաւ իր նպատակին եւ 2016-ը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն համար փայլուն տարի մը, երբ մեր աղջիկները, իրենք զիրենք պարտադրելով մրցակից կազմերուն վրայ, տիրացան Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին:
Անմոռանալի տարի մըն էր. անմոռանալի ժամեր եւ վայրկեաններ ապրեցանք բոլորս ալ` մարզիկներ, մարզիչ, պատասխանատուներ, հովանաւորներ եւ համակիրներ:
Բոլորս միասին կը տօնէինք յաղթանակը, որովհետեւ իսկապէս, երազը իրականացաւ եւ բոլոր աշխատանքներն ու ճիգերը, որոնք թափուեցան, հասան իրենց նպատակին:
Արդէն իսկ ազդանշանը տրուած է 2016-2017 տարեշրջանին, եւ մեր աղջիկները, իրենց տիտղոսը պաշտպանելու համար, սկսան մեծ յաղթանակով մը:
Եկէ՛ք աղջիկներ, տարեշրջանը աւարտենք յաղթանակներու անվերջ շարանով, նոր տիտղոսներու նուաճումներու տեսլականով:
Բոլորս ալ վստահ գիտենք, որ ճամբան այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ մեր բոլորին համար` նկատի ունենալով, որ ախոյեան մնալու համար պէտք ունինք հսկայական աշխատանքի:
Բոլորս միասին, ձեռք-ձեռքի տալով, պիտի հասնինք մեր նպատակին եւ 2017-ն պիտի վերածենք այլ փայլուն տարիի մը, ո՛չ միայն Լիբանանի ախոյեան դառնալու համար, այլեւ տիրանալու այլ մրցաշարքերու, եւ ինչո՛ւ չէ` արաբական երկիրներու ալ ախոյեան ըլլալու:
Այո՛, մեր երազները մեծ են,
Այո՛, մեր յոյսերը մեծ են,
Կեցցէ՛ք դուք աղջիկներ,
Դէպի յաղթանա՛կ: