Հայաստանի 2016-ի Լաւագոյն Մարզիկները Նուէր Ստացան Ինքնաշարժներ Եւ Նիւթական Մեծ Պարգեւներ


kakig_122816

«Փարաւոն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-ի Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներուն պարգեւատրման արարողութիւնը` նախագահութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ գլխաւորութեամբ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի:

money-keys_122816hyundai_122816Մարզիկները արժանացան նիւթական մեծ պարգեւներու եւ «Հիունտայ Աքսընթ» մակնիշի ինքնաշարժներու:

Իրենց կարգին, մարզիկները Ծառուկեանին յանձնեցին յատուկ յուշանուէր մը` ի նշան շնորհակալութեան:

Այս արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Ազգային ողիմպիական կոմիտէներու նախագահ շէյխ Ահմետ Ֆահըտ Սուպահ:

Ան Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահին կողմէ, իբրեւ նշան բարեկամութեան, յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Ծառուկեանին:

Իսկ տասը լաւագոյն մարզիկներուն պետական բաւական կոկիկ նիւթական պարգեւները յանձնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Ստորեւ` պարգեւատրուած տասը մարզիկները.

ԱՐԹՈՒՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ` ողիմպիական ախոյեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ):
ՄԻՀՐԱՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ` ողիմպիական փոխախոյեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ):
ՍԻՄՈՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ` ողիմպիական փոխախոյեան (ծանրաբարձութիւն):
ԳՈՌ ՄԻՆԱՍԵԱՆ` ողիմպիական փոխախոյեան (ծանրաբարձութիւն):
ՆԱԶԻԿ ԱՒԴԱԼԵԱՆ` ողիմպիական խաղերու 5-րդ դիրք եւ 2016-ի Եւրոպայի ախոյեան (ծանրաբարձութիւն):
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵՐԴԻՆԵԱՆ` ողիմպիական խաղերու 5-րդ դիրք եւ 2016-ի Եւրոպայի ախոյեան (մարմնամարզութիւն):
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ` Եւրոպայի ախոյեան (ծանրաբարձութիւն):
ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԽՈՒՐՇՈՒԴԵԱՆ` Եւրոպայի ախոյեան (ծանրաբարձութիւն):
ՎԱՐՇԱՄ ԲՈՐԱՆԵԱՆ` Եւրոպայի ախոյեան (յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտ):
ԱՐԹՈՒՐ ԴԱՒԹԵԱՆ` Եւրոպայի փոխախոյեան (մարմնամարզութիւն):

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.