ՀՅԴ Ալավերդիի ակումբ-գրասենեակը վերանորոգուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի աջակցութեամբ

 

Անցնող ամիսներուն վերանորոգումներու ենթարկուելէ ետք Դեկտեմբեր 6-ին բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Ալավերդիի տարածքային Դաշնակցութեան ակումբ-գրասենեակին: ՀՅԴ Ալավերդիի, Ստեփանաւանի եւ Վանաձորի ՀՅԴ կառոյցներու նստավայրերու կեդրոններու վերանորոգման հովանաւորութիւնը ստանձնած է ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն։

Բացման արարողութեան ներկայ էր ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ինչպէս նաեւ ներկայ էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ընկ. Աղուան Վարդանեանի։

Գրասենեակի բացման պատիւը տրուեցաւ հրամանատար հերոս դաշնակցական ազատամարտիկներ Կարօտ Մկրտչեանի և Վահէ Բաղդասարեանի եղբայրներուն՝ Ղուկաս Մկրտչեանին և Հայկ Բաղդասարեանին: Այնուհետև ՀՅԴ նորաբաց ակումբ-գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն և ՀՅԴ շարքերը ընդունուեցան 4 նորագիրներ:

Նշենք, որ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցին կողմէ Լոռիի մարզի ՀՅԴ շրջաններու զօրակցութիւնը կը նպատակադրէ յատկապէս օժանդակել շրջանի ՀՅԴ երիտասարդական եւ պատանեկան միաւորներու հզօրացման։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.