10 հազար տոլար ի նպաստ Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինի աշխատանքներուն
1160
0
Քեպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ Մարմինը այսու կու գայ իր խորին գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու օթաուաբնակ տէր եւ տիկ. Կարօ Տօնոյեաններուն, որոնք գնահատելով ու քաջալերելով մարմինիս տարած միասնական գործակցութիւնը՝ կը նուիրեն 10,000 տոլար:
Վստահ ենք, թէ անոնք բարի օրինակ պիտի հանդիսանան եւ հրահրեն մեր համայնքի անդամները, որպէսզի բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսանան Միացեալ Մարմնին՝ անվարան շարունակելու մարմինիս կողմէ տարուած ազգանուէր գործունէութիւնը: