Էնրիքէ Կ՛անդրադառնայ Ռաքիթիչին


luis-enrique-barcelona_11017

Քաթալոնական Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ յայտարարեց, որ ինք ոչինչ կրնայ ըսել ակումբին միջնապահներէն Իվան Ռաքիթիչի մասին` նկատի ունենալով, որ ինք ճշգրիտ չի գտներ շրջան ընող այն տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց, ան իր ակումբը լքելով պիտի միանայ անգլիական Մանչեսթըր Սիթիին:

Սպանացի Էնրիքէի խօսքերը մէջբերելով` «Սքայ Սփորթս» կը յայտնէ, որ տեղեկութիւններուն 25 առ հարիւրը միայն ճշգրիտ է:

Նշենք, որ Պարսայի հետ Ռաքիթիչի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.