ՀՄԸՄ ԿԱՄՔ-ի ոտնագնդակի խումբերը ախոյեան

 

Մոնթրէալի ՀՄԸՄ ԿԱՄՔ-ի ոտնագնդակի խումբերը ամառնային եղանակի Քեպէգի մրցաշարքերուն արձանագրեցին գնահատելի արդիւնքներ՝ հետեւեալ պատկերով.

– 18 տարեկան դասակարգի տղոց խումբը Concordia League-ի ախոյեանութիւնը նուաճեց ստանալով Coup de president-ի բաժակը:

– 14 տարեկան դասակարգի աղջկանց խումբը նոյնպէս դարձաւ Concordia League-ի ախոյեան՝ ստանալով նոյնպէս Coup de president-ի բաժակը:

– Երէց աղջիկներու խումբը  Լաւալի Total Campo-ի աւարտականին յաղթանակ արձանագրելով նոյնպէս ախոյեանութիւնը նուաճեց:

– Իսկ 12 տարեկան դասակարգի աղջկանց խումբը ամառնային եղանակի մրցաշարքերուն առաջնութիւնը շահելով մասնակցութիւն բերաւ  Concordia League-ի աւարտականին:

Նշենք, որ տղոց խումբին աւարտական խաղէն մէկ շաբաթ առաջ տեղի ունեցած էր աւարտական խաղը, եւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ձեռք բերած էին յաղթանակը՝ 1-0 արդիւնքով, սակայն իրաւարարին մէկ սխալ որոշումին պատճառաւ պահանջուած էր կրկնել խաղը: Հետեւաբար յաջորդ Շաբաթ կրկնուեցաւ խաղը, եւ մեր մարզիկները կրցան կրկին յաղթել, այս անգամ՝ 3-1 արդիւնքով: Աւարտականի բոլոր խաղերուն մարզիկները քաջալերելու համար ներկայ էին հոծ բազմութեամբ մարզասէրներ, մարզիկներու ծնողներ եւ օտար թէ հայ համակիրներ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.