ՀՕՄ-ը Սուրիահայութեան Օժանդակելու Կոչ Կ’ընէ

 

Հայ Օգնութեան Միութիւնը կոչ կ’ընէ  միանալու Սուրիահայութեան օժանդակութեան ընդհանուր ծրագիրին` հասնելու համար այս օրերուն Հալէպի մէջ զոհուածներու հարազատներուն ու վիրաւորներուն անմիջական կարիքներուն:

ՀՕՄ-ի կեդրոնական վարչութեան կոչին մէջ նշուած է. «Ի տես Հալէպի հայաբնակ շրջաններուն վրայ ներկայիս սաստկացող յարձակումներուն, որոնց հետեւանքով Սեպտեմբեր 30, 2016-ին զոհ գացին հինգ հայորդիներ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը  յայտնէ արդէն իսկ վիրաւոր գաղութին, որուն փրկութիւնը անհրաժեշտ է հայութեան համար: Այս ուղղութեամբ, կոչ կ’ուղղենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն` մասնակցելու ՀՕՄ-ի` Սուրիահայութեան օժանդակութեան ընդհանուր ծրագիրին` հասնելու համար նորանոր զոհերու եւ անոնց հարազատներու անմիջական կարիքներուն:

Օժանդակութեան համար այցելել`  https://www.classy.org/campaign/ars-syrian-armenian-relief-fund/c97739»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.