Ամերիկահայ Կազմակերպութիւնը Կ’օգնէ Արցախի Ապրիլեան Պատերազմի Հետեւանքով Տուժածներուն


Արցախի մէջ ենթակառուցուածքներու ստեղծման աշխատանքներ իրականացնելէ զատ«Հայրենասէր» կազմակերպութիւնը աﬔրիկաբնակ հայերու հանգանակութիւններով դրամական երախտագիտական նուիրատուութիւն  կը կատարէ քառօրեայ պատերազﬕ հետեւանքով զոհուածներու ընտանիքներուն:

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց կազմակերպութեան հիﬓադիր, աﬔրիկաբնակ Ստեփան Սարգսեան, ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ եւ յետագային պիտի ներառէ նաեւ աջակցութիւն վիրաւորներու ընտանիքներուն: Կազմակերպութիւնը իւրաքանչիւր զոհուածի ընտանիքին կը յատկացնէ 500 ԱՄՆ տոլար եւ երախտագիտական նամակ այդ ընտանիքի զինուորի զոհաբերութեան համար:

Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները արդէն այցելած են Արﬔնակ Ուրֆանեանի, Գեղամ Մկրտչեանի, Աղասի Ասատրեանի, Հրաչ Մուրադեանի, Բագրատ Ալեքսանեանի, Տիգրան Բերակչեանի, Սարգիս Խալաֆեանի, Ռոբերտ Աբաջեանի, Մասիս Թովմասեանի, Սասուն Մկրտչեանի, Նորայր Հաջիյեանի ընտանիքներուն: Սփետան Սարգսեան տեղեկացուց, որ դիրքապահներուն համար ալ 100 քնապարկ արդէն ուղարկած են Արցախ: «Քաշաթաղի շրջանի վարչակազﬕ ﬕջնորդութեամբ Ապրիլ 21-ին Բերձոր հասցուեցաւ 100 հատ քնապարկ, որ տարուած է առաջնագիծ: Ասիկա դեռ սկիզբն է, կայ ծրագիր աւելի ﬔծ քանակութեամբ նման անհրաժեշտ պարագաներ յատկացնելու բանակին»,-ըսաւ Ստեփան Սարգսեան:

«Հայրենասէր»-ը կը շարունակէ դպրոցաշինական ծրագիրը, դեռ քառօրեայ պատերազէն առաջ Քաշաթաղի հիւսիսը վերաբնակեցուած Հերիկ գիւղին մէջ նոր դպրոցի կառուցման ծրագիրը  ﬔկնարկած է: «Հայրենասէր» կազմակերպութիւնը հիﬓադրուած է 2011-ին աւելի համակարգուած, շարունակական ու ծաւալուն կերպով նպաստելու հայրենիքին: Կազմակերպութեան առաքելութիւնն է նպաստել Հայաստանի անկախ պետականութեան պահպանման ու զարգացման` բացայայտելով կարեւորագոյն խնդիրներն ու գործադրելով համապատասխան լուծուﬓեր: «Մեր համախոհ ընկերներուն եւ Հայաստանի ապագայով մտահոգուած այլ անձանց հետ, որոնք ﬔզի պէս  կամաւորներ են, կ’իրականացնենք ենթակառուցուածքային եւ կրթական-տեղեկատուական ծրագիրներ Հայաստանի մէջ:

Ի դէպ, Հայաստան եւ Հայաստանի պետականութիւն ըսելով` ﬔնք կը հասկնանք եւ՛ ՀՀ -ն, եւ՛ ԼՂՀ-ն, քանի որ այդ երկու վարչական ﬕաւորները ﬕասին ներկայիս կը կազմեն ﬔր հայրենիքը եւ հայոց պետականութիւնը: Արդէն իրագործուած ծրագիրներէն են ԼՂՀ Քաշաթաղի շրջանի Լեռնահովիտ համայնքի դպրոցի հիﬓովին վերակառուցում-ընդլայնումը, ամէնամեայ օրացոյցի թողարկումը` նուիրուած ﬔր հերոս ազատամարտիկներուն, «Մոնթէ Մելքոնեան. յանուն արդարութեան» վաւերագրական ֆիլﬕ ստեղծումը եւ այլն»,-հատուած Ստեփան Սարգսեանի` «Արմէնփրէս»-ին տուած 2015 թուականի Մարտ 18-ի հարցազրոյցէն:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.