Արեւմտահայերէնին նուիրուած պատմական համաժողով Օքսֆորտ Համալսարանին մէջ


«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն»

Արեւմտահայերէնի կենսունակութեան հարցին կապուած բազմաթիւ խնդիրներն ու լուծումներու որոնումը լուրջ մտահոգութեան առարկայ է։ Սփիւռքի առնուազն շարք մը ազգային, մշակութային ու կրթական գործիչներ, մտաւորականներ, գրողներ ու Սփիւռքահայութեան ապագայով հետաքրքրուած անձեր այս նիւթով զբաղած են: Վերջին տարիներուն UNESCO-ի «վտանգուած լեզուներու» ցանկին մէջ յայտնուած արեւմտահայերէնի ապագան՝ այսօր մամուլի ու հասարակական զրոյցներու հիմնական հարցերէն մէկը դարձած է։ Անշուշտ կան շարք մը նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին են Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի կողմէ հովանաւորուած ծրագիրները, որոնք լրջօրէն սկսած են ուսումնասիրել օրինակ՝ Սփիւռքի դպրոցներու իրավիճակը, արեւմտահայերէնը  որպէս լեզու դասաւանդելու ու անոր հետ կապուած բազմակողմանի հարցերը ու լուծումներու կարելութիւնները:

 Բայց եւ այնպէս 21րդ դարու պարտադրուած ու կամայ թէ ակամայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւններն ու հանգամանքները ազդեցութիւն ունին նաեւ արեւմտահայերէնի ապագային վրայ: Լեզուն դասաւանդելէն ու խօսելէն անդին, արեւմտահայերէնի ապագան պայմանաւորուած է արեւմտահայախօս մշակոյթի կենսունակութեամբ, որ կը պահանջէ՝ ի շարս այլ գործօններու, արեւմտահայերէնով մտածող, ստեղծող, գրող, հրատարակող փաղանգ մը: 

 Նման հարցերու շուրջ կեդրոնանալու ու քննարկելու միտումով 21-23 Յունուար 2016ին, Օքսֆորտ Համալսարանի Հայագիտական ամպիոնի կազմակերպութեամբ ու  Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «արհեստանոցային» համաժողով հաւաք մը որ  մէկտեղեց արեւմտահայերէն գրողներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ, խմբագիրներ, մամուլի գործիչներ եւ հրատարակիչներ:  
Օքսֆորտի Համալսարանին մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքը աւելի գործնական եւ աշխատանքային բնոյթ ունէր քան թէ գիտական կամ տեսական: Կարճ զեկոյցներու եւ երկար քննարկումներու ձեւաչափով՝ հինգ հիմնական նիստեր տեղի ունեցան: Բոլոր նիստերու լեզուն արեւմտահայերէն էր:  Իւրաքանչիւր հրաւիրուած մասնակից կարճ (5-7 վայրկեան) նախաբան մը ներկայացուց տուեալ նիստի նիւթին շուրջ – ապա ընդհանուր քննարկումներ ու խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցան:

«Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագրով զեկուցահաւաք-քննարկումը ընթացաւ հետեւեալ ծրագրով.

Ա. Արեւմտահայերէնի ներկայ իրականութիւնը 

Նախաբան – նիստի վարիչ՝ Հրաչ Չիլինկիրեան

– Ա1) Արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութիւնը» եւ հիմնական խնդիրներըԶեկուցողներ՝ Անահիտ Տօնապետեան, Ռազմիկ Փանոսեան, Անի Կարմիրեան

– Ա2) Աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական-ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէն մշակոյթին ներկային ու գալիք տասնամեակներուն վրայ:

Զեկուցողներ՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Սագօ Արեան

Բ.  Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու – ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրներ՝

Նիստի վարիչ՝ Թէօ վան Լինտ

– (ա) գրողին/ստեղծողին համար.

Զեկուցողներ՝ Գրիգոր Պըլտեան, Գրիգոր Մոմճեան, Լօլա Գունտաքճեան, Քրիստիան Բատիկեան    

– (բ) ընթերցողին/ունկնդիրին համար:

Զեկուցողներ՝ Մարկ Նշանեան, Անահիտ Սարգիսեան

Գ. Կառոյցներու եւ միջոցներու խնդիրները 

Նիստի վարիչ՝ Ռազմիկ Փանոսեան

– Ինչպիսի՞ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք ենգալիք 10, 20, 30 տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար:

Զեկուցողներ՝ Գէորգ Պարտաքճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Գրիգոր Մոսկոֆեան, Մարտիկ Չոլաքեան   

Դ. Արեւմտահայ հրատարակչութեան հարցեր 

Նիստի վարիչ՝ Թոմ Սամուէլեան 

– Արեւմտահայերէն հրատարակիչներու եւ հրատարակչատուներու ներկայ խնդիրները ու ապագայի ակնկալութիւնները:

Զեկուցողներ՝ Ժիրայր Դանիէլեան, Արամ Մեհրապեան, Մարտիկ Չոլաքեան

Ե. Արեւմտահայ մամուլին այսօրուան եւ վաղուան հարցերը 

Նիստի վարիչ՝ Խաչիկ Թէօլէօլեան

Սփիւռքի մէջ հրատարակուող արեւմտահայ մամուլին (ելեկտրոնայինն ու համացանցայինը ներառեալ) դիմագրաւած առաջնահերթ խնդիրները եւ ապագայի մարտահրաւէրները:

Զեկուցողներ՝ Վահագն Գարագաշեան, Շահան Գանտահարեան, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Ժիրայր Չոլաքեան

Համաժողովի մասնակիցներն էին.- 

Հրաչ Չիլինկիրեան (համաժողովի կազմակերպիչ, ընկերաբան, Օքսֆորտի Արեւելագիտութեան բաժանմունք), Թէօ վան Լինտ (Համաժողովի կազմակերպիչ, Օքսֆորտի Գալուստ Կիւլպէնկեանի անուան ամպիոնի հայագիտութեան փրոֆէսօր), Ռազմիկ Փանոսեան (Տնօրէն, Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժնի), Խաչիկ Թէօլէօլեան (Wesleyan Համալսարանի փրոֆէսօր դասախօս), Մարկ Նշանեան (մասնագէտ, գրաքննադատ, փրոֆէսօր-դասախօս), Անահիտ Տօնապետեան (մասնագէտ, INALCO փրոֆէսօր-դասախօս), Գրիգոր Պըլտեան (Գրող, գրաքննադատ, փրոֆէսօր-դասախօս), Վահագն Գարագաշեան («Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագիր, բանաստեղծ), Շահան Գանտահարեան («Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր), Սեւան Տէյիրմէնճեան («Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր), Ժիրայր Չոլաքեան («Նոր Յառաջ» օրաթերթի գործադիր տնօրէն), Անի Կարմիրեան (Մասնագէտ, Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժին), Գրիգոր Մոսկոֆեան (Լոնտոնի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի վարիչ), Սագօ Արեան (գրող, «Արեւելք» կայքէջի խմբագիր), Վարդան Մատթէոսեան (մասնագէտ, գրող), Արամ Մեհրապեան (Հիմնադիր հրատարակիչ «Սարգիս Խաչենց» մատենաշարի), Մարտիկ Չոլաքեան (Հայկական Թուային գրականութեան հարթակ վերլուծական ծրագիրներու տնօրէն), Գէորգ Պարտաքճեան (Միշիկընի Անն Արպըրի Համալսարանի Հայ գրականութեան ամպիոնի վարիչ դասախօս), Ժիրայր Դանիէլեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական կրթական գրասենեակի վարիչ, խմբագիր, գրականագէտ), Թովմաս Սամուէլեան (Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հասարակական գիտութիւններու դեկան), Անուշ Թրվանց («Ժամանակ» թերթի հայաստանեան թղթակից եւ «Արեւելք»ի լուրերու խմբագիր), Վալենթինա Քալցոլարի (Ժնեւի Համալսարանի փրոֆէսօր դասախօս), Լօլա Գունտաքճեան (բանաստեղծ), Յակոբ Կիւլլիւճեան (մասնագէտ, գրաքննադատ, UCLA-ի արեւմտահայերէնի փրոֆէսօր-դասախօս), Անահիտ Սարգիսեան (բանաստեղծ), Քրիստիան Բատիկեան (Գրող), Գրիգոր Մոմճեան (բանաստեղծ)։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.