Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան 4 Դիրքի Յառաջխաղացք Մը Արձանագրեց


levon-up_10-01-15

ՖԻՏԷ-ի կողմէ հրապարակուած աշխարհի ճատրակի հոկտեմբեր ամսուան նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 4 դիրքի յառաջխաղացք մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:

Նախորդ ամսուան հետ բաղդատած, Հայաստանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողը ապահովեց լրացուցիչ 19 կէտ` իր վարկանիշը հասցնելով 2784-ի, կը յայտնէ ArmSport.am:

Առաջին հարիւրին մէջ են նաեւ հայրենի երկու այլ կրանտմասթըրներ` Գաբրիէլ Սարգսեան (62-րդ, 2679) եւ Սերկէյ Մովսիսեան (88-րդ, 2658):

Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն (2850):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.