Սուսերամարտ. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը 15 Մարզիկով Կը Մեկնի Վրաստան


293_111115

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի սուսերամարտի երիտասարդական հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ 12-15 նոյեմբերին Վրաստանի մէջ տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 4-5 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

Հայաստան այս մրցաշարքին կը մասնակցի 15 մարզիկով` 6 աղջիկներ եւ 9 տղաք:

Կ՛ակնկալուի, որ մրցաշարքին մասնակցին` Վրաստանի, Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խումբերը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.