Պաշտօնական Բացում` Համահայկական 6-րդ Խաղերուն


8-02-15_ham-38

Համահայկական 6-րդ խաղերուն պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` կիրակի, 2 օգոստոսին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

2-13 օգոստոսին աւելի քան 6215 մարզիկներ պիտի պայքարին` իրենց քաղաքներուն համար ապահովելու մետալներ:

***

8-02-15_hama-388

Պարերու եւ երաժշտութեան ուղեկցութեամբ բեմականացուեցաւ հայ ժողովուրդին պատմական ընթացքը` դարերու ընդմէջէն:

Համահայկական խաղերու ընթացքին, Հայկեան երթի բեմականացումը չէր կրնար անտեսել հայ ժողովուրդին պատուհաս եղած դաժանագոյն փորձութիւնը` Ցեղասպանութիւնը, որուն 100-ամեակին տարելիցը կը նշենք այս տարի Համահայկական 6-րդ խաղերուն բացման հանդիսութիւնը իւրայատուկ տօնի վերածուեցաւ Հայաստանի մէջ:

Խաղերը կը սկսին ազդարարելով Հայաստան – սփիւռք – Արցախ եռամիասնութեան տօնը:

Ապա, մարզադաշտ բերուեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան դրօշը: Մարզադաշտ մտան համահայկական 6-րդ խաղերուն մասնակցող պատուիրակութիւնները:

Մարզադաշտը ցնծաց, երբ յայտարարուեցաւ, որ ամէնէն մեծ պատուիրակութիւնը եկած է Արեւմտեան Հայաստանէն` 881 հոգի:

Նշենք, որ մարզական շքերթի բացման պատիւը տրուած էր Արցախին:

Համահայկական խաղերուն բացման արարողութեան ընթացքին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի ներկայացուցիչ Շողիկ Աւետիսեան մարզիկներուն անունով երդում տուաւ, որ մրցումներուն պիտի մասնակցին` յարգելով մարզական օրէնքները:

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.