Պելճիքայի խորհրդարանի անդամներ հանդիպումներ ունեցան Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ
Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Հոկտեմբեր 30-ին ընդունեց Պելճիքայի խորհրդարանի անդամ, «Ռեֆորմիստական շարժում» կուսակցութեան միջազգային կապերու գծով նախագահ Ժան-Ժագ Ֆլաօն եւ նոյն կուսակցութեան միջազգային կապերու փոխնախագահ Ճուլի Սզման, որոնք Արցախ ժամանած են Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էւինեանի ուղեկցութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը՝ Խորհրդարանի ղեկավարը նշած է, որ այս հանդիպումը յարմար առիթ է՝ խօսելու մարդկային ու ժողովրդավարական այն արժէքներուն մասին, որոնք կը միաւորեն երկու երկիրներուն ժողովուրդները՝ անկախ իրենց ծննդավայրէն: Աշոտ Ղուլեան նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձած է մէկ տարի առաջ Արցախի եւ Պելճիքայի միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն՝ յատկապէս ընդգծելով «Արցախի Հանրապետութիւն-Պելճիքայի Թագաւորութիւն Ֆլանտրիայի խորհրդարան» բարեկամական խումբի եւ Արցախի Հանրապետութիւն-Պելճիքա ֆրանսախօս օրէնսդիրներու, գիտական ու հասարակական ոլորտներու ներկայացուցիչներուն հետ բարեկամութեան շրջանակի դերակատարութիւնը: Այս առումով խորհրդարանի ղեկավարը առաջարկած է մտածել համագործակցութեան յստակ օրակարգի ձեւաւորման մասին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Պելճիքայի խորհրդարանի անդամ Ժան-Ժագ Ֆլաօ նշած է, որ խորհրդարաններն ու խորհրդականները պէտք է կարենան յարաբերիլ առանց դժուարութիւններու, այդ մէկը թոյլ կու տայ ապահովել տնտեսութիւններու եւ այլ կարեւոր բնագաւառներու զարգացումը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեր են նաեւ միջկուսակցական համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն եւ խորհրդարանին ու քաղաքական կեանքին մէջ կանանց ներկայացուածութեան վերաբերող թեմաներ:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԱԺ նախագահի տեղակալ, Արցախի Հանրապետութիւն–Պելճիքա ֆրանսախօս օրէնսդիրներու, գիտական ու հասարակական ոլորտներու ներկայացուցիչներուն հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Վահրամ Բալայեան, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ Արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեան:
Պելճիքայի խորհրդարանի անդամները այնուհետեւ հանդիպած են Արցախի Հանրապետութիւն–Պելճիքա ֆրանսախօս օրէնսդիրներու, գիտական ու հասարակական ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն հետ:
Բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Վահրամ Բալայեան, բացումը կատարելով հանդիպումին, կարեւորութեամբ նշած է հիւրերու այցը եւ յետագայ յարաբերութիւններու ձեւաւորումը՝ հաշուի առնելով ատրպէյճանական ջանքերը՝ Արցախը արհեստականօրէն մեկուսացնելու ուղղութեամբ: Վահրամ Բալայեան նաեւ նշած է, որ Արցախը պէտք է դիտարկել ոչ թէ որպէս տարածք՝ այլ ժողովուրդ, որ ունի արժանավայել կեանքով ապրելու իրաւունք:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը զրուցած են նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարանական համակարգերուն, անոնց կառուցուածքին եւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան վերաբերող թեմաներու շուրջ:
Առաւօտեան պատուիրակութիւնը այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին: