Եօթնօրէք Քեսապի նահատակ Վարդան Անտրեանի

\n

 

\n

Քեսապահայութեան առժամեայ հանգրուանին, Լաթաքիոյ  մէջ, կիրակի, 18 մայիս  2014-ին,  Հայ  Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ    կատարուեցաւ  նահատակ Վարդան Անտրեանին հոգւոյն կատարուած եօթնօրէքի  հոգեհանգիստը:

\n

Վարդան, որ հազիւ բոլորած էր իր 52 տարին, զոհուեցաւ Քեսապի Չալմա շրջանին մէջ, հրասանդի ռումբի  պայթումէն:

\n

Անոր թաղման կարգը կատարեց Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան, որ յատուկ ուղարկուած էր Անթիլիասէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ  Ա. կաթողիկոսին կողմէ, անոր կ՛ընկերակցէին Շնորհք վրդ. Աշըգեանը  եւ   Պետրոս  սրկ. Մանճիկեանը: Հայր սուրբը  իր  պատգամին մէջ  յատկապէս  վեր առաւ նահատակութեան եւ հայրենասիրութեան իմաստը:

\n

Վարդան, բնիկ Գարատուրան գիւղէն, բազմանդամ ընտանիքի  զաւակ էր,  ունէր  երկու  եղբայր եւ հինգ   քոյրեր:  Ան  իր կեանքի վարդագոյն եւ մոխրագոյն օրերը անցուցած էր հայրենի գիւղին մէջ` աշխատելով որպէս մշակ: Ամուսնացած էր եւ ունէր երկու զաւակ. անդրանիկ որդին` Յակոբը,  աշակերտ է Անթիլիասի դպրեվանքի ժառանգաւորացին, իսկ   դուստրը` Նանորը   Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց  միացեալ ճեմարանի  Ժ. կարգի աշակերտուհի է:

\n

Վարդանը փոքր տարիքէն նկատուած էր իբրեւ ծառայասէր  անձ,  քաջ ու խիզախ: Անդամակցած էր ՀՄԸՄ-ի Քեսապի սկաուտական  շարքերուն. վարած էր վարչական  պաշտօն: Անդամակցած էր նաեւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան»  մասնաճիւղին, որուն թատերախումբին  հետ բեմ բարձրացած էր:

\n

Նախքան  իր զոհուիլը` Վարդանի վերջին խիզախ  արարքը եղաւ քեսապահայութեան  տեղահանութենէն ետք մակոյկով վերադառնալը Գարատուրան եւ հոն մնացած ծնողքը` ալեհեր 92-ամեայ հայրը, մայրը, եղբօր ընտանիքը եւ դրացիներէն քանի մը հոգի, հասցնելը Լաթաքիա:

\n

Ան միշտ լաւատես եւ լիայոյս  էր, որ  երկար պիտի  չտեւէ  քեսապահայութեան տեղահան վիճակը, եւ ինք շատ շուտով պիտի վերադառնայ իր բնօրրանը: Այդ  համոզումով ալ կը քաջալերէր իր  շուրջինները: Եւ իր մէջ այդ անխախտ համոզումն էր, որ զինք հանգիստ չէր ձգեր  հեռու մնալու Քեսապէն:

\n

Այս համեստ տողերը թող իր յիշատակը անմահացնելու գիր, խունկ ու մոմ ըլլան:

\n

Կ. Մ.

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.