Ճատրակ. Չեխովի Անուան Թիւ 55 Դպրոցի Խումբը Ախոյեան` Ռուսիոյ Մէջ
1134
0
Սոչիի մէջ աւարտեցաւ «Սպիտակ նաւակ» կոչուող ճատրակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ռուսիոյ տարբեր շրջաններու դպրոցներու խումբերը:
82 խումբերուն կարգին եղաւ նաեւ Հայաստանը ներկայացնող Երեւանի Չեխովի անուան թիւ 55 դպրոցի խումբը, որ հանդիսացաւ ախոյեան:
9 հանգրուաններու վրայ երկարող այս մրցաշարքին հայ դպրոցականները արձանագրեցին 6 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրեցին միայն մէկ պարտութիւն:
Սամուէլ Խաչատրեան ապահովեց 7 կէտ, Դաւիթ Միրզոյեան` 6,5, Արփինէ Գրիգորեան` 6, իսկ Արթուր Դաւթեան` 5,5: