Համակիրներու Երթ` Հայաստան – Փորթուգալ Մրցումէն Առաջ
- (0)

Հայաստանի հաւաքականի համակիրներու «ՖԱՖ» շարժումը առաջարկած է մրցումէն առաջ մասնակցիլ միասնական երթի:
Շարժումին հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի հաւաքականին բոլոր համակիրները (պայման չէ, որ տոմս գնած ըլլան) կը հրաւիրենք 13 յունիսին, ժամը 16:30-ին, ֆրանսական հրապարակին կից, Ֆիլհարմոնիային առջեւ գտնուող Արամ Խաչատրեանի յուշարձանին մօտ մասնակցելու համակիրներուն միասնական մեծ երթին, դէպի` մարզադաշտ:
«Բոլորին կոչ կ՛ուղղենք գալու ազգային հաւաքականի մարզաշապիկներով, իսկ ան որ չունի, կրնայ հագուիլ կարմիր շապիկ` մարզադաշտին թրիպիւնները կարմիր ներկելու համար:
«Եռագոյն վզկապերու ներկայութիւնը փափաքելի պիտի ըլլայ: Երթին ընթացքին պայթուցիկ նիւթեր պիտի արձակենք դէպի երկինք, իսկ բոլոր փափաքողները, մեր օգնութեամբ, իրենց դէմքերը կրնան ներկել Եռագոյն գոյներով»: