Հայ Ժիւտոյիստները Մեկնեցան Պաքու
1091
0
Երէկ առաւօտուն, Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը մարզիչներու ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Թիֆլիս, ապա` Պաքու, մասնակցելու համար եւրոպական առաջին խաղերուն, յայտնեց Հայաստանի ժիւտոյի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը` Դաւիթ Խիթարեան
ArmSport.am յայտնեց, որ այդ պատուիրակութեան մէջ են մարզիկներ Յովհաննէս Դաւթեան, Դաւիթ Նիկողոսեան եւ Ժաննա Սթանքեւիչ: Գլխաւոր մարզիչն է Տիգրան Բաբայեան, իսկ պատուիրակութեան նախագահը` Դաւիթ Խիթարեան:
Նշենք, որ ժիւտոյի մրցումները կը սկսին 25 յունիսին: