Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Եւ Արթուր Ալեքսանեան Ոսկի Մետալակիր` Սոֆիայի Մէջ


Արսէն Ջուլֆալակեան (ձախէն` երրորդը)

Արսէն Ջուլֆալակեան (ձախէն` երրորդը)

Արթուր Ալեքսանեան (ձախին)

Արթուր Ալեքսանեան (ձախին)

24-26 ապրիլին Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցաւ ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարք մը` 53-րդ անգամ ըլլալով:

75 քկ դասակարգին մէջ, աշխարհի ախոյեան Արսէն Ջուլֆալակեան տիրացաւ ոսկի մետալին, երբ աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթեց պուլկարացի Իլիան Գէորգիեւին:

Յատկանշական էր այն, որ աշխարհի ախոյեանը պարգեւատրման արարողութեան մասնակցեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած մարզաշապիկով եւ իր այս յաղթանակը նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներուն յիշատակին:

Նշենք, որ նոյն դասակարգին մէջ Կարապետ Չալեան տիրացաւ պրոնզ մետալին` պարտութեան մատնելով իր թուրք մրցակիցը` Շերեֆ Թիւֆենքը:

98 քկ դասակարգին մէջ հրաշալի ելոյթ ունեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի գործող ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան, որ աւարտականին 6-0 արդիւնքով յաղթելով Իտալիան ներկայացնող Տայիկորօ Թիմոչինիին, տիրացաւ ոսկի մետալին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի 71 քկ դասակարգին, թէեւ Ռաֆայէլ Ալեքսանեան հասաւ աւարտականին, սակայն զիջելով իր իրանցի մրցակիցին տիրացաւ արծաթ մետալին:

Վերջապէս, 85 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Մաքսիմ Մանուկեան թէեւ հասաւ աւարտական հանգրուան, սակայն պարտուելով իրանցի իր մրցակիցէն տիրացաւ արծաթ մետալին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.