Վիեննան Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ապրիլ 24ին, հետեւելով Աւստրիոյ խորհրդարանի օրինակին, Վիեննա քաղաքի համայնքային խորհուրդը, որուն անդամները միաժամանակ կը հանդիսանան նաեւ Վիեննայի շրջանային խորհրդարանի պատգամաւորներ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ վաւերացուցած է:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, բաժանմունքի տեղեկութեանց՝ բանաձեւին մէջ ըսուած է. «Ապրիլ 24ին կ՛ամբողջանայ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1.5 միլիոն հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Այս կապակցութեամբ, մենք կը յարգենք բռնութեան, սպանդի եւ տեղահանութեան ենթարկուածներուն, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան հպատակ տասնեակ հազարաւոր այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներուն: Մեկնելով պատմական պատասխանատուութենէն ու այն իրողութենէն, որ Աւստրա-հունգարական միապետութիւնը Համաաշխարհային Ա. պատերազմին դաշնակից էր Օսմանեան կայսրութեան, մեր պարտականութիւնն է այս սարսափելի իրադարձութիւնները որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալ եւ դատապարտել: Նոյնպէս, Թուրքիոյ պարտականութիւնն է անկեղծօրէն առերեսուիլ իր անցեալի մութ ու ցաւալի այս դրուագին հետ եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հանդէպ իրագործուած յանցագործութիւնը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.