Թուրքերը Կը Պատրաստուին Քանդելու Հայկական Որբանոցը


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա նահանգին մէջ գտնուող Թուզլա գիւղի «Արմէն» հայկական որբանոցը կը գտնուի քանդումի վտանգին առջեւ: Ըստ «Ճումհուրիյէ»չ թերթին՝ որբանոցը կրնայ քանդուիլ Մայիսին, այդ տարածքին մէջ շքեղ առանձնատուներ կառուցելու նպատակով: Այդ որոշումին դէմ քաղաքացիներ արշաւի սկսած են համացանցով (#KampArmen):
Նշենք, որ հայկական այս որբանուցին մէջ հասակ նետած են «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքն ու անոր ապագայ կինը՝ Ռաքելը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.