Պուլկարիոյ Խորհրդարանին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցի Քննարկումը Կ՛արգիլուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- «Ապրիլ 24ին, նախատեսուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը քննարկել Պուլկարիոյ խորհրդարանին մէջ, սակայն, Ապրիլ 23ին յստակ դարձաւ, որ հարցի քննարկումը արգիլուած է», «Ընդդէմ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան» միջազգային համաժողովին ընթացքին յայտարարած է Պուլկարիոյ խորհրդարանի ներկայացուցիչ Պօ Լենսի Ռոն:

Պուլկարիոյ խորհրդարանը Ապրիլ 24ին պիտի քննարկէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանաչելու հարցը: Առաջարկը Ապրիլ 22ին խորհրդարան ներկայացուցած էր «Աթաքա» ազգայնական կուսակցութեան փոխնախագահ Տեսիսլաւ Չուքալով, որ յիշեցուցած էր, որ Եւրոխորհրդարանը միայն քանի մը օր առաջ կոչ ըրած է ճանաչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ նշած է, որ իր կուսակցութիւնը 10 տարիէ ի վեր կը փորձէ նման բանաձեւ մը վաւերացնել:

«Թուրքիոյ դեսպանատան կողմէ կայ ահռելի ճնշում՝ նման բանաձեւ չընդունելու համար, ինչ որ Պուլկարիոյ ներքին գործերու մէջ կոպիտ միջամտութիւն: Պատմութիւնը կարելի չէ խմբագրել ու փոխել, այլ պէտք է յիշել, ուսումնասիրել, որպէսզի չկրկնուին այդ արիւնալի էջերը», ըսած է Պօ Լենսի Ռոն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.