Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Որոշած Է Հայոց Ջարդերը Ցեղասպանութիւն Կոչել


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Երկիր Մեդիա».- Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու կառավարութիւնը արդէն համաձայնած են 1915ի հայոց ջարդերը Ցեղասպանութիւն անուանել, անտեսելով Թուրքիոյ ճնշումները, գրած է գերմանական «Die Welt» թերթը:

Գերմանիոյ կառավարութեան մամլոյ խօսնակ Շտեֆան Զայպերթ Պերլինի մէջ յայտարարած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կողմ է 20րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած հայերու զանգուածային սպանութիւններուն շուրջ վաւերացնել բանաձեւ մը, ուր արձանագրուած է հետեւեալը. «Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, հայերու ճակատագիրը պատմութեան մէջ զանգուածային բնաջնջումներու, ցեղային զտումներու, տեղահանութիւններու եւ այո՝ 20րդ դարու ցեղասպանութիւններու օրինակ է»:

«Դաշնակցային կառավարութիւնը նեցուկ կը կանգնի բանաձեւին եւ անոր պատրաստութեան մէջ մեծ դեր ունի նախագահ Եոագիմ Կաուք, որ Ապրիլ 23ին Պերլինի մայր տաճարին մէջ, յիշատակի աղօթքի ժամանակ, պիտի օգտագործէ Ցեղասպանութիւն բառը», յայտարարած է կառավարութեան խօսնակը:

Իր կարգին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր նշած է, որ 1915ին տեղի ունեցածը կը տեղաւորուի «ցեղասպանութիւն» բառի սահմանումի ծիրէն ներս: Ան նշած է, որ շատ լաւ կը հասկանայ զգացումներն ու շարժառիթները այն բոլորին, որոնք կը պահանջեն Ցեղասպանութիւն կոչել Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ կատարուած յանցագործութիւնները: Սակայն, ըստ անոր, քաղաքական բանավէճի սրումը կրնայ «բարդացնել կամ նոյնիսկ անկարելի դարձնել» Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան մեկնարկը:

Նաեւ, խորհրդարանի Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն եւ Քրիստոնեայ ընկերվարական միութիւն համախմբումի փոխնախագահ Ֆրանց Եոզէֆ Եունկն յայտնած է, որ հակառակ Անգարայի բողոքներուն, իր կուսակցութիւնը մտադիր է ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, Գերմանիոյ խորհրդարանի օրակարգին վրայ դրուած է հայերու դէմ կատարուածը ցեղասպանութիւն որակելու հարցով քննարկում:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.