Հակառակ թրքական հակացոյցին Թորոնթոյի հայութեան «Միասնութեան Քայլարշաւ»ը յաջողութեամբ պսակուեցաւ


Ապրիլ 19֊ի առաւօտեան, Թորոնթոյի QUEEN՚s PARK հրապարակին վրայ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած «Միասնութեան Քայլարշաւ»ը, որուն մասնակցեցան հազարաւոր հայորդիներ, Դաշնակցային, Նահանգային եւ Քաղաքապետական պաշտօնական դէմքեր։ Խօսք առին Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քէնի, Օնթարիոյի Նահանագապետ՝ Քաթլին Ուին, քաղաքապետներ Ճոն Թորի եւ Ֆրանք Սքարփիթթի, Գանատայի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Գարտինալ Արքեպիսկոպոս Թոմաս Գոլինզ եւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան, որոնք դատապարտեցին հարիւր տարի առաջ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած եղեռնագործութիւնը։ Հաւաքին մասնակցեցան նաեւ հրեայ, ասորի, պոնտացի, ռուանտացի, կիպրացի եւ քիւրտ համայնքներու ներկայացուցիչներ: Օրուան պատգամաբերն էր բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան։

Metropolitan United Church֊ի մէջ տեղի ունեցաւ միջ-յարանուանական արարողութիւն, որուն պատարագեց եւ քարոզեց Գարտինալ Քոլլինզ:

«Միասնութեան Քայլարշաւ»ը խափանելու եկած 50 թուրքերու հակահայ կանչերը իրենց նպատակին չհասան, որպէսզի խանգարեն 5000 հայորդիներու պահանջատիրական քայլարշաւը:  

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք վաղուան մեր լրատուական թողարկումներով։

 

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.