ՀՅԴ-ն իսկական տօնի վերածեց աշխատաւորի օրը


Մայիս 1-ին՝ աշխատաւորներու համերաշխութեան օրուան առիթով., ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպեց տօնական մեծ համերգ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերեցին երգիչներ Մկրտիչ Մկրտչեանը,  Դաւիթ Ամալեանը, Լէյլա Սարիբեկեանը, Գոհար Յովհաննիսեանը, Ռուբէն Սասունցին, Սամուէլ Երանեանը, ինչպես նաեւ Արցախի երգի, պարի պետական համոյթը:

 Հրապարակին վրայ հաւաքուած աւելի քան 10.000 արցախցիներ իրենց երգ ու պարով մասնակից եղան  տօնակատարութեան:

 Համերգի վերջաւորութեան արցախցիներուն ողջունեց եւ Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ համամասնական ցանկը գլխաւորող թեկնածու Արթուր Աղաբէկեանը: 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.