Թորոնթոյի մէջ կայացաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի 46-րդ պատգամաւորական ժողովը
Օգոստոս 25-էն 26, Թորոնթոյի հայ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (Գանատայի Երիտասարդական Միութեան) 46-րդ պատգամաւորական ժողովը։ Ժողովին ներկայ էին Գանատայի տարբեր շրջաններէն եկած 32 պամգամաւորներ, ներկայացնելով իրենց մասնաճիւղերը – « Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ»՝ Մոնթրէալ ու Լաւալ, «Արամ Մանուկեան»՝ Գէմպրիճ, «Արշաւիր Շիրակեան»՝ Վանգուվըր եւ «Սիմոն Զաւարեան»՝ Թորոնթօ։ Ժողովին ներկայ էր ՀՅԴ Գանատայի Կ.Կ.-ի ԳԵՄ-ի ներկայացուցիչ ընկ. Արա Քրճիքեան: Հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ՝ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ընդհանուր վարիչ մարմնի, ՀԵԴ Արեւելեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի շրջաններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Վանաձորի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամբարի տնօրէնուհին։
Ժողովի ընթացքին, պատգամաւորները բազմակողմանի քննարկումներ կատարեցին եւ արժեւորեցին միութեան անցնող տարեշրջանի աշխատանքները:
Ժողովի օրակարգի քննարկուող կարեւոր նիւթերէն էին՝ ԳԵՄ-ի կազմակերպական առաւել աշխուժացումը, ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Վանաձորի ամառնային ճամբարը ու այս տարի իրականացած Սպիտակի ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթի հրատարակութեան շարունակականութիւնն ու տարածումը, Հայ Դատի գծով ԳԵՄ-ի քաղաքական գործունէութիւնն ու դաստիարակչական այլ ծրագիրները։
Ժողովը յատուկ կերպով կարեւորեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Հայաստանեան ամառնային ճամբարներու ծրագրի ընդլայնումը։ Հիմնուելով անցնող 8 տարիներու փորձին վրայ, որոնց ընթացքին ԳԵՄ-ականները Վանաձոր քաղաքին մէջ դաստիարարկչական ճամբար իրականացուցած են, որոշուեցաւ աւելի մեծ թափով շարունակել գործը ու Սպիտակի ճամբարն ալ դարձնել տարեկան ճամբարային ծրագիր։ Վերոնշեալ ճամբարնները հարիւրաւոր Վանաձորցի երեխաներու ծառայած են արդէն, իսկ այս տարուայ նոր կազմակերպուած Սպիտակի ճամբարին մասնակցած են 125 պատանիներ:
՚Երկօրեայ նիստերու աւարտին, ժողովը ընտրեց 2018-2019 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմը: