Ատրպէյճանցի Հետախոյզներ Ասքերովը Եւ Կիւլիեւը Դատապարտուեցան Ցմահ Եւ 22 Տարուան Բանտարկութեան

\n

\n ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին մէջ 29 Դեկտեմբերին արձակուած է Շահումեանի շրջանէն Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը ապօրինաբար հատած ատրպէյճանցի հետախուզական-ներթափանցող խումբի երկու անդամներու՝ ամբաստանեալ Շահպազ Կիւլիեւի եւ Տիլհամ Ասքերովի գործով դատական վճիռը։
\n Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Լեռնային Ղարաբաղի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը Տիլհամ Ասքերովը դատապարտեց ցմահ, իսկ Կիւլիեւը 22 տարուան բանտարկութեան:
\n Նշենք, որ դատախազ Կարէն Գաբրիէլեանը Ասքերովի համար պահանջած էր ցմահ, իսկ Կիւլիեւի համար 22 տարուան բանտարկութիւն։
\n Յիշեցնենք, որ Տիլհամ Ասքերով կը մեղադրուի Լեռնային Ղարաբաղի քրէական օրէնսգիրքի 7, իսկ Շահպազ Կիւլիեւը 5 յօդուածներու յատկանիշներով: Անոնք կը մեղադրուին ազգային ատելութեան մղումով մարդ առեւանգել ու սպաննելու, կազմակերպուած խումբի կողմէ անչափահասի նկատմամբ զէնքի գործադրմամբ բռնութիւն գործադրելու, լրտեսութեան, Ղարաբաղի պետական սահմանը կազմակերպուած խումբի կողմէ հատելու, հրազէն եւ ռազմամթերք կրելու յանցանքներով: Տիլհամ Ասքերով նաեւ մեղաւոր է կազմակերպուած կերպով եւ ազգային ատելութենէ մղուած երկու անձեր սպաննելուն համար։ \n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.