Չիլիի Խորհրդարանը Եւ Չեխիոյ Խորհրդարանական Յանձնախումբը Կը Ճանչնան Ցեղասպանութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ապրիլ 14ին, Չիլիի խորհրդարանը վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, դատապարտելով մարդկութեան դէմ գործադրուած այդ ոճիրը։ Բանաձեւը վաւերացուած է՝ 77 թեր 1 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով։
Նշենք, որ Չիլիի Ծերակոյտը Յունիս 5, 2007ին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։
Նաեւ, Ապրիլ 14ին, Չեխիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բանաձեւ մը: Վկայակոչելով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին կողմէ Դեկտեմբեր 9, 1948ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի» մասին ուխտը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային կազմակերպութիւններու որոշումները, բանաձեւը կը դատապարտէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.