Թուրքիոյ Առաջին Հիւլէակայանի Կառուցումը Կը Սկսի


ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 14ին, Թուրքիոյ մէջ սկսաւ երկիրի առաջին հիւլէակայանի կառուցումը, որուն կ՛ընդդիմանան կենսոլորտի պաշտպան կազմակերպութիւններ, որոնք նոյն օրը բողոքի ցոյց մը կատարեցին ուժանիւթի նախարարութեան շէնքին առջեւ։
Վերջին քանի մը ամիսներուն տեղի ունեցած նման ցոցեր անտեսուած են իշխանութեանց կողմէ, որոնք կը պնդեն, թէ հիւլէական ուժանիւթը կենսական է երկրի ապագային համար։
Թուրքիոյ առաջին հիւլէակայանը կը կառուցուի Մերսինի մէջ, ռուսական «Ռոսաթոմ» ընկերութեան կողմէ, որ կառուցած էր նաեւ Իրանի առաջին հիւլէակայանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.