Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերէն Խաչիկ Գավանոսեանի լուսանկարները


«Հորիզոն».- Մարտ 12-ին, «Հորիզոն»ի կայքէջին վրայ հրապարակեցինք  «Վերջին նամակը. Խաչիկ Գավանոսեանի նամակը իր կողակիցին 1915-ին» գրութիւնը, որ հազուագիւտ արխիւային նիւթ է Հաոյց Ցեղասպանութեան առնչուող։

 Վերոնշեալ նամակը մեզի փոխանցած էր տիկ. Սօսի Չընկրեանը, որ տարիներ առաջ զայն գտած է իր հօրաքրոջ աղջկան Մարի Գավանոսեանի ընտանեկան արխիւներուն մէջ։

 Նամակագիրն է  Օրտուցի Խաչիկ Գավանոսեան։ Նամակը ուղղուած է իր կողակիցին Օնորի Չընկրեան-Գավանոսեանին։ Նամակը գրուած է տարագրութեան ճամբուն վրայ, հաւանաբար հաւաքական բանտի մը մէջ։ Նամակագիրը՝ Խաչիկ Գավանոսեան, ձեւով մը թուղթ եւ մատիտ ճարած եւ գրած է իր վերջին նամակը։ Ուշագրաւ է, որ Գավանոսեան գիտէ իր ճակատագիրը եւ սակայն երբեք չանդրադառնար իր կեանքին սպառնացող մահուան։ Գիտնալով իր մօտալուտ մահը ան նամակին մէջ իր անսահման սէրը կ՚արտայայտէ իր կեանքի կողակիցին։ Նամակը ձեւով մը կը հասնի Խաչիկի կողակիցին։ Սօսի Չընկըրեանի տեղեկութիւններուն, Հօրաքոյրը՝ Օնորի Չընկրեան-Գավանոսեան պատմած է, թէ 1915-ի Յուլիսի 15-ին հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացած են, թէ օրտուցի տարագիրներու խումբը, որոնց հետ էր նաեւ Խաչիկ Գավանոսեան սպաննուած են թուրքերու կողմէ, Մերուտիէի մօտակայ անտառի մը մէջ։

  Օնորի Չընկրեան-Գավանոսեան (1894-1951) իր կողակիցի մահէն ետք, 1916-ի Յունուարին լոյս աշխարհ կը բերէ Խաչիկի միակ զաւակը՝ Մարի Գավանոսեան։ Մահուան նախօրեակին, Խաչիկ Գավանոսեան չէ իմացած, որ իր կողակիցը յղի է։ Խաչիկի կինը Օնորի մինչեւ 1929 կ՚ապրի Օրտուի մէջ, որմէ ետք կը հաստատուի Գահիրէ, ուր իր մահկանացուն կնքեց 57 տարեականին, 1951-ին։  Օնորի Գավանոսեան Խաչիկի սպանութենէն ետք, երբեք չէ ամուսնացած։ Նամակը կը հրատարակուի առաջին անգամ ըլլալով, ճիշդ այնպէս ինչպէս շարադրուած է 100 տարի առաջ։

 Նամակը կարդալ այստեղ

 http://www.horizonweekly.ca/en/news/details/63561

 Ապրիլի սկիզբը, տիկ. Սօսի Չընկրեան իր անձնական արխիւները հետազօտելու ընթացքին բախտով ի յայտ բերած է նաեւ Խաչիկ Գավանոսեանին առնչուող արխիւային լուսանկարներ։ Տիկ. Չընկրեան այդ արխւիային լուսանկարները դրաւ մեր տրամադրութան տակ, ինչպէս նաեւ պատճէնահանուած օրինակներ ուղարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին, Երեւան։

 

Խաչիկ Գավանոսեան Սամսօն 25 տարեկան: Այս նկարը ղրկած է Օնօրիին, իրենց ամուսնութենէն առաջ (1913-ին):

 

Օնօրի Գավանոսեան եւ իր զաւակը Մարի Գավանոսեան: Մարին ծնած է Յունուար 1916. Այս նկարը առնուած է Օրտուի մէջ 1923-ին: 

 

Խաչիկ Գավանոսեանի մանչ զաւակին՝ Յակոբ Գավանոսեանի մկրտութեան վկայագիրը: Յակոբ թունաւորուեցաւ իր մօր կաթէն եւ մահացաւ Յունիս 1915-ին: Խաչիկ Գավանոսեան իր զաւկին մահէն լուր չէ ունեցած: Խաչիկի կինը Օնօրի, այն ժամանակ չէ գիտցած որ ինք յղի է երկրոր անգամ ըլլալով, աղջիկ զաւակով մը:

 

Մարի Գավանոսեան 7 տարեկանին, Օրտու:

 

Օրտու, 1913-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.