Արցախ Այցելած «Նիւ Եորք Թայմզ»ի Լրագրողը Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»ին Վրայ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ատրպէյճանի «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի լրագրող Սեթ Քուկըլի անունը եւս, Ապրիլ 10ին, ընդգրուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան անբաղձալի անձերու «սեւ ցուցակ»ին վրայ, վերջերս Արցախ այցելած ըլալուն պատճառով։
Ան Արցախի մասին յօդուածը խորագրած էր՝ «Ջերմ Ընդունելութիւն Կովկասեան Սարերուն Մէջ», ներկայացնելով իր տպաւորութիւնները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.