Հրանդ Տինքի Յիշատակի Ոգեկոչում Մոնթրէալի մէջ


Մոնթրէալի Պոլսահայ մշակութային միութեան կազմակերպութեամբ, Յունուար 16-ի երեկոյեան, Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Ակօս» թերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն։ Ռրուան գլխաւոր բանախօսն է Իսթանպուլէն յատկապէս հրաւիրուած Ֆեթհիէ  Չեթին։

Չեթինին համաշխարհային ճանաչում բերաւ իր «Մեծ մայրս» գիրքը, ուր ան կը պատմէ իր հայ մեծ մօր եւ անոր կրած տառապանքներուն մասին:

Չեթին «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքին փաստաբանն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.