Կեանքին Հրաժեշտ Տուաւ Ազգային Բարերար Եւ Կիլիկեան Իշխան 102-ամեայ Արամ Մարգարեանը
Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն մահը Ազգային Բարերար եւ Կիլիկեան Իշխան Արամ Մարգարեանի: Բարերարը, որ ծնած էր 21 Յուլիս 1916-ին, Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), իր մահկանացուն կնքեց 3 Ապրիլ 2018-ին, Մոնթրէալ (Գանատա):
Ան, սկիզբէն, իր սիրեցեալ Տիկնոջ՝ Շնորհափայլ Պերճուհի Մարգարեանի հետ՝ առատաձեռնօրէն ստարած էր Ս. Յակոբի համայնքակերտ առաքելութեան: Նաեւ՝ Հայ Դատին: Սակայն իր ու տիկնոջ անուան յաւերժ կապուած պիտի մնայ համայնքին մեծ իրագործումներէն «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան Մանկամսուր»ը:
Բարերարին Տան Կարգը պիտի կատարուի Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Հինգշաբթի, 5 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 8.00-ին: Եկեղեցւոյ Կարգը՝ նոյն սրբավայրին մէջ, Ուրբաթ, 6 Ապրիլի միջօրէին՝ ժամը 12.00-ին: Ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին թէ՛ Հինգշաբթի երեկոյ ժամը 19.00-21.00, եւ թէ՝ Ուրբաթ՝ յետ Եկեղեցւոյ Կարգին: Ապա հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Սէն Լօրան գերեզմանատան մէջ:
Ցաւակցութիւններ մեր Բարերարուհիին՝ Տիկ. Պերճուհի Մարգարեանի եւ համայն հարազատներուն: Յիշատակը՝ օրհնեալ:
Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւն
Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ
04 Ապրիլ 2018