«Ճապհաթ Նուսրա» Լիբանանցիներուն Կը Սպառնայ


Պահ մը՝ սպաննուած զինուոր Ալի Սէյիտի Սեպտեմբեր 4ին տեղի ունեցած յուղարկաւորութենէն

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ», «Ազդակ».- Մօտաւորապէս կէս ժամնոց տեսաերիզի մը հրապարակումով, «Քայիտա»ի մէկ մասնաճիւղը հանդիսացող «Ճապհաթ Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5ին զգուշացուց Լիբանանի բոլոր յարանուանութիւնները՝ «Հըզպալլա»ի եւ լիբանանեան բանակին կողքին դիրքորոշուելէ, եւ պնդելով, որ անոնք, որոնք լուռ կը մնան ««Հըզպալլա»ի գործած ոճիրներուն նկատմամբ, մեղաւոր պիտի նկատուին եւ սուղ գին պիտի վճարեն»:
Մէկ օր առաջ, Լիբանանի նախարարաց խորհուրդը գումարած էր յատուկ նիստ մը, որուն օրակարգի 47 կէտերուն առաջնակարգ եւ գլխաւոր տեղը գրաւեց երկրի ապահովական վիճակը եւ յատկապէս՝ առեւանգեալ զինուորներու պարագան:
Նիստի սկզբնաւորութեան, վարչապետ Թամմամ Սալամ անդրադարձած է վերջին իրադարձութիւններուն՝ ընդգծելով, որ կառավարութիւնը քուլիսներու ետին մօտէն կը հետեւի առեւանգեալ բանակայիններու հարցին: Զեկուցելէ ետք այս գծով տարուած ու տարուող ճիգերուն մասին, Սալամ նշած է, որ կարելի եղած է ազատագրել քանի մը առեւանգեալ զինուորականներ: Ան նաեւ ազգային միասնականութեան կոչ ըրած է՝ անհրաժեշտ նկատելով նախագահական ընտրութեան կայացումը եւ նշելով, որ նախագահութեան աթոռին թափուր մնալը ժխտական կերպով կ՛ազդէ երկրի քաղաքական ու ապահովական կացութեան վրայ:
Աւելի քան վեց ժամ տեւած նիստին սկզբնաւորութեան, ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգած են նախկին նախարար Ֆարիտ Ռուֆայէլի եւ սպաննուած զինուոր Ալի Սէյիտի յիշատակը: Նշենք, որ Արսալի մէջ առեւանգուած եւ ապա իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ սպան-նուած Սէյիտի մարմինը շաբաթասկիզբը յանձնուած էր բանակին:
Ժողովի աւարտին, մամլոյ ասուլիս մը տալով՝ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ ներկայացուց նախարարաց խորհուրդին տուած որոշումները, ուր ժողովը յստակօրէն ընդգծած է, թէ առեւանգողներուն հետ ո՛չ փոխանակում, ո՛չ ալ ուղղակի բանակցութիւն տեղի պիտի ունենայ:
Առեւանգուած զինուորականներու ընտանեկան պարագաները կը շարունակեն բողոքի ցոյցեր կատարել՝ արագացնելու համար իրենց զաւակներու ազատ արձակումը:
Մինչ այդ, «Ճապհաթ Նուսրա»էն հրամանատար մը յայտարարած է, որ Կոլանէն առեւանգուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերու 45 անդամները իսլամական օրէնքի հիմամբ պիտի դատուին:
Միւս կողմէ, լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ, «Իսլամական պետութեան» կողմէ Սեպտեմբեր 4ին սփռուած տեղեկութեանց վերագրելով իրենց լուրը՝ յայտնեցին, որ շաբաթ մը առաջ Արսալի շրջանէն առեւանգուած լիբանանցի Քայիտ Ղատատէն գլխատուած է՝ «Հըզպալլա»ի հետ կապ ունենալուն համար: Զինեալներ առեւանգած են նաեւ 10 սուրիացիներ՝ հիմնուելով Ղատատէի «խոստովանութեանց» վրայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.