Միսիսիփի Եւս Մերժեց Ատրպէյճանի Ի Նպաստ Բանաձեւը
\n
\n ՃԵՔՍԸՆ.- Միսիսիփիի նահանգային Ծերակոյտը մերժած է քուէարկութեան դնել Ատրպէյճանի ի նպաստ բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին՝ ճանչնալու Ատրպէյճանի տարածքներու անձեռնմխելիութեան իրաւունքը: Բանաձեւը ներկայացուած էր ծերակուտական Ճան Հոռնի կողմէ, որ կը պնդէր, թէ Ատրպէյճան առեւտրական կարեւոր գործակից մը ըլլալով Միացեալ Նահանգներու եւ յատկապէս Միսիսիփի նահանգին՝ Ուաշինկթըն պէտք է «Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին արագ եւ արդար լուծում» մը գտնելու ջանքերուն յաւելեալ աջակցութիւն ցուցաբերէ եւ ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքներուն անձեռնմխելիութեան իրաւունքը:
\n Ատրպէյճանական լոպին յաջորդական հինգերորդ պարտութիւնն է, զոր կը կրէ նահանգային խորհրդարաններու մէջ: Նախապէս, հակահայ բանաձեւեր պարտութեան մատնուած էին Հաուայիի, Ուայոմինկի, Հարաւային Տաքոթայի եւ Թենըսիի մէջ:
\n \n