Մալաթիացի Հայերը Կարօտ Ունին Հայրենի Հողին


ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».– 17 Յունիսին Մալաթիոյ Ուսուցիչի տան մէջ կայացած «Էմպատիայի միտ-քի հանրութիւն» կազմակերպութեան ամսական հաւաքի այս անգամուան օրակարգին վրայ էր «Մեր մալաթիացի հայ համերկրացիները եւ վերստին համատեղ գոյութիւնը» նիւթը:
Մելինէ Անումեան կը գրէ, թէ հաւաքին մասնակցած Մալաթիոյ հայերու միութեան խորհուրդի նախագահ Կարպիս Էւեափան իր ղեկավարած կազմակերպութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաղորդելէ ետք գոհունակութիւն յայտնած է մալաթիացի համերկրացիներուն հետ ըլլալու իրողութեան համար եւ նշած, որ իրենք Մալաթիա եկած են աշխարհի տարբեր ծագերէ՝ Արեւմտեան Հայաստան ժամանած 80 հոգինոց խումբով: Նշելով, որ իրենց երկխօսութիւնը զարգացած է Մալաթիոյ տեղական եւ վարչական ղեկավարներուն հետ՝ Էւեափան իր ուրախութիւնը յայտնած է քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ եւս կապեր հաստատելու կարելիութեան համար:
Մալաթիոյ հայերու միութեան խորհուրդի անդամ Յարութ Օզեր նոյնպէս ելոյթ ունենալով՝ ըսած է, որ 48 տարի ետք Մալաթիա գալով մեծապէս յուզուած է, յատկապէս իրենց հին թաղը այցելելէ եւ նախկին դրացիները տեսնելէ ետք: Օզեր նաեւ շեշտած է, թէ ինչպէս Մալաթիոյ մէջ, այնպէս ալ Թուրքիոյ բազմաթիւ այլ նահանգներու մէջ ոչնչացուած են հայկական գերեզմանատուները: Այս պարունակին մէջ Մալաթիոյ մէջ պահպանուած հայկական գերեզմանատունը իրենց համար Մալաթիոյ հայրենի երկիր ըլլալու եւ իրենց՝ այդ հողին պատկանելու գրաւականն է:
Օզերէն ետք խօսքով հանդէս եկած ճարտարապետ Գէորգ Օզքարագէօզը մասնակիցներուն ներկայացուցած է իր հօր պատմութիւնը՝ ըսելով, որ ան Մալաթիայէն հեռանալէ ետք ապաստանած է Երեւան: Օզքարագէօզը ներկաներուն յայտնած է, որ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ օթեւան գտած մալաթիացի հայերը այնտեղ հիմնած են թաղամաս մը՝ Մալաթիա անունով, այդպիսով փորձելով թօթափել այն մեծ կարօտը, զոր կը տածեն հայրենի հողին նկատմամբ:
Աւարտին ելոյթ ունեցած Մալաթիոյ հայերու միութեան Մալաթիոյ մէջ ներկայացուցիչ, գործարար Սերտար Պոյաճը նշած է, թէ, հակառակ անցեալին իրենց կրած բոլոր նեղութիւններուն, երբեւիցէ չեն մտածած լքել հայրենի երկիրը՝ փափաքելով ապրիլ ու թաղուիլ այս հողերուն մէջ:
Ժողովին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարացման գործընթացին, նոր սահմանադրութեան կառուցուածքին, իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ընդլայնման, քաղաքացիութեան սահմանման, ցեղային շեշտադրումներէ զերծ մնալու անհրաժեշտութեան առնչուած հարցեր:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.