Սուրիոյ մէջ կատարուածը չի կրնար չանհանգստացնել Հայաստանը. յայտնած է Վիգէն Սարգսեան RT-ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին

Այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, չի կրնար չանհանգստացնել Հայաստանը: Այդ տարածաշրջանը վաղուց ի վեր տուն եղած է հայկական սփիւռքին համար: Այդ մասին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վ. Սարգսեանը յայտնած է RT-ի թղթակիցին տուած բացառիկ հարցազրոյցին ընթացքին, զոր տուած է Վալդայ ակումբի արտագնայ նիստի շրջանակներուն:

«Մերձաւոր Արեւելքը վաղուց ի վեր հայկական սփիւռքի համար տուն եղած է: Այն ինչ որ այսօր տեղի կ’ունենայ Սուրիոյ մէջ, չի կրնար չանհանգստացնել իւրաքանչիւր հայ: Հալէպի մէջ մինչեւ այսօր կ’ապրի հայկական ամենամեծ համայնքներէն մէկը: Հայաստանը կը համարուի միակ երկիրը, որուն հիւպատոսութիւնը Հալէպի մէջ առ այսօր կը շարունակէ իր աշխատանքը», յայտարարած է Սարգսեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.