Թուրքիոյ մէջ կը նախատեսուի Սամսոնի նախկին հայկական թաղամաս մը զբօսաշրջութեան կեդրոն դարձնել

Թուրքիոյ մէջ կը նախատեսուի Սամսուն քաղաքի ներկայիս Սելահիէ կոչուող նախկին հայկական թաղամասը զբօսաշրջութեան կեդրոն դարձնել:

Ըստ թրքական «Samsunkenthaber.com» կայքին` Սելահիէի թաղապետը յայտարարած է, որ քաղաքային իշխանութիւնները նախագիծը իրականացնելու նպատակով որոշած են վերականգնել թաղամասին լքուած հին տուները: Այդ տուները կը պատկանին ցեղասպանութենէն առաջ այդտեղ ապրած հայերուն, իսկ թաղամասին առ այսօր ժողովուրդին մօտ «Հայկական թաղամաս» անուանումը Սելահիէի վերածուած է միայն հանրապետական շրջանակներուն մէջ:

«Սամսունի քաղաքապետ Եուսուֆ Զիա Եըլմազի կարգադրութեամբ Սաֆրանպոլուի եւ Ամասիոյ օրինակով հայերուն լքուած տուները կը վերականգնուին եւ կ’օգտագործուին զբօսաշրջային նպատակներով», կը գրէ թրքական աղբիւրը:

Սելահիէի համայնքապետ Տերիա Պոզքուրթը նշած է, որ Սամսունի ամենաբանուկ «100-րդ տարուան ծառուղի» պողոտային շրջակայքը բազմաթիւ հայկական տուներ կան, որոնք անխնամութեան պատճառով փլուզման եզրին հասած են:

«1900-ականներու սկիզբը Սամսունի մէջ ապրած են հայեր, յոյներ եւ իսլամներ: Սելահիէն հայկական թաղամաս էր: «30 Ağustos İmam-Hatip» դպրոցի տարածքին հայկական եկեղեցի, որբանոց եւ հոգեւորականի կացարան եղած է:

Պատրաստուող նախագիծով պիտի վերականգնուին այդ տուները, եւ մեր թաղամասին մէջ զբօսաշրջային փողոց պիտի հիմնուի: Նախագիծին համար անհրաժեշտ աշխատանքները արդէն սկսած են», ըսած է Պոզթուրքը:

Նշենք, որ նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը, Սամսունի մէջ ապրած է 15.000 հայ, մեծ մասը՝ հայկական թաղամասին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.