FBI Կը Հետախուզէ Նիւ Եորքի Քաղաքապետի Քարոզարշաւին Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Կապերը

Յարութ Սասունեան

Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզ կարծես թէ յատուկ համակրանք ունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նկատմամբ։ Շուտով կ՛իմանանք՝ արդեօք այդ առանձնայատուկ յարաբերութիւնները դուրս եկա՞ծ են օրինականութեան սահմաններէն, թէ՞ ոչ։

Տարի մը առաջ յօդուած մը գրեցի քաղաքապետ Էտըմզի մասին, որ յայտարարած էր՝ «Թոշակի անցնելէ ետք ես կը պատրաստուիմ ապրիլ Պաքուի մէջ»։

2021ին, New York Daily News յօդուած մը հրապարակեց՝ «Նիւ Եորքի քաղաքապետի թեկնածու Էրիք Էտըմզ համաձայնած է արտասահմանեան այցեր կատարել՝ փտախտի պատմութիւն ունեցող երկիրներ» վերնագիրով։ Յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր, որ «Պրուքլինի շրջանի նախագահ Էրիք Էտըմզ ընդունած է հազարաւոր տոլարներու ճամբորդութիւններ եւ այլ օգուտներ երեք երկիրներէ՝ Չինաստան, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան, որոնք յայտնի են՝ իրենց քաղաքացիները ճնշելու ճշգրտօրէն փաստուած պատմութեամբ»:

Էտըմզ վերջերս խոստովանած է, որ ութ անգամ այցելած է Թուրքիա։ Օգոստոս 2023ին, Մենհեթընի մէջ թրքական դրօշի բարձրացման արարողութեան ընթացքին ան պարծեցաւ, որ Նիւ Եորքի պատմութեան մէջ հաւանաբար չկայ ուրիշ քաղաքապետ մը, որ այդքան յաճախ այցելած ըլլայ Թուրքիա, որքան ինք: Օգոստոս 2015ին, թրքական կառավարութիւնը հազարաւոր տոլարներ վճարեց Պրուքլինի շրջանի այդ օրերու ղեկավար Էտըմզի՝ վեց օրով Թուրքիա այցելելուն համար, ուր ան ստորագրեց քոյր քաղաքի պայմանագիր Սթամպուլի Իւսկիւտար թաղամասի հետ: Թրքական հիւպատոսութիւնը վճարեց մինչեւ 4999 տոլար՝ անոր օդանաւային տոմսերուն, պանդոկային ծախսերուն եւ երթեւեկութեան փոխադրումներուն համար, ըստ Էտըմզի բացայայտման՝ քաղաքի շահերու բախման խորհուրդին (COIB)։ New York Daily News հաղորդած է, որ 2016ին, «Ատրպէյճանի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վճարած է մինչեւ 4999 տոլար, որ Էտըմզ չորս օրով այցելէ իրենց մայրաքաղաք Պաքու, համաձայն շրջանի ղեկավարի բացայայտման՝ COIB-ին»: Էտըմզ իր քարոզարշաւին համար դրամահաւաք կազմակերպած է Նիւ Եորքի ատրպէյճանական եւ թրքական Baku Palace եւ «Ալի Պապա» ճաշարաններուն մէջ: 19 Սեպտեմբեր 2023ին, քաղաքապետ Էտըմզ մասնակցած է նախագահ Էրտողանի կնոջ՝ Էմինէի կազմակերպած ձեռնարկին, Նիւ Եորքի «Թրքական Տուն»ը:

Անցեալ Հինգշաբթի Քննութիւններու Դաշնակցային Բիւրոյի (FBI) տասը գործակալներ ներխուժեցին քաղաքապետի գլխաւոր դրամահաւաք Պրիանա Սաքզի տուն՝ պարզելու, «թէ արդեօ՞ք քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի 2021 թուականի նախընտրական քարոզարշաւը գործարքի մէջ եղած է թրքական կառավարութեան հետ՝ օտարերկրեայ անօրինական նուիրատուութիւններ ստանալու համար, ըստ New York Times-ի ձեռք բերած խուզարկութեան հրամանագիրին»: 2025ին, Էտըմզի վերընտրութեան քարոզարշաւին համար Սաքզի ընկերութեան վճարուած է մօտաւորապէս 100 հազար տոլար՝ դրամահաւաքի եւ քարոզարշաւի խորհրդատուական ծառայութիւններու համար:

«Քննիչները փորձած են աւելին իմանալ Պրուքլինի շինարարական ընկերութեան հնարաւոր ներգրաւուածութեան մասին, որ կապեր ունի Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող փոքրիկ համալսարանի մը, որ նոյնպէս կապեր ունի այդ երկրի եւ Էտըմզի հետ», կը հաղորդէ NYT: «Ըստ խուզարկութեան հրամանագիրի, քննիչները կեդրոնացած են նաեւ այն բանի վրայ, թէ արդեօք քաղաքապետին քարոզարշաւը  շահաբաժին տուա՞ծ է (KSK) շինարարական ընկերութեան պաշտօնեաներուն եւ աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ թուրք պաշտօնեաներուն»: The City լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ 84 նուիրատուներ, որոնց մեծ մասը KSK շինարարական խումբի (հիմնադիրները Թուրքիայէն են) աշխատակիցներ են, աւելի քան 69 հազար տոլարի ներդրում կատարած են քաղաքապետի քարոզարշաւին։ Այսուամենայնիւ, «բազմաթիւ մարդիկ, որոնք նշուած են Էտըմզի 2021 քարոզարշաւի նուիրատուութեան գրառումներուն մէջ որպէս KSK-ի աշխատակիցներ, կա՛մ ըսած են, որ նուիրատուութիւն չեն ըրած Էրիք Էտըմզին, կա՛մ հրաժարած են նշելէ, թէ երբեւէ նուիրատուութիւն ըրած են», կը հաղորդէ The City:

Անցեալ Հինգշաբթի տեղի ունեցած ստուգման այցելութեան ընթացքին, FBI որոնած է Թուրքիա ճամբորդութեան արձանագրութիւններ եւ փաստաթուղթեր՝ Էտըմզի եւ այդ երկրի կառավարութեան ու անոր միջնորդներուն հետ կապուած՝ գրաւելով Սաքզի տունէն երեք iPhone, երկու համակարգիչ եւ զանազան թղթապանակներ: Քննիչները նաեւ փաստաթուղթեր փնտռած են «Պէյ» Աթլանթեան համալսարանի վերաբերեալ, որ Թուրքիոյ պատկանող համալսարան է Ուաշինկթընի մէջ եւ բացուած է 2014ին: 2015ին, Էտըմզ «այցելած է Սթամպուլի դպրոցի քոյր համալսարաններէն մէկը, ուր անոր տրուած են տարբեր վկայականներ եւ յայտնած, որ կրթաթոշակ պիտի ստեղծուի անոր անուամբ», ըստ NYT-ի:

Անցեալ Հինգշաբթի, Նիւ Եորքի քաղաքապետը, որ մեկնած  էր Ուաշինկթըն, Սպիտակ Տան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու, Քոնկրեսի անդամներու եւ այլ քաղաքապետերու հետ հանդիպումներու համար, յանկարծ չեղեալ յայտարարեց զանոնք եւ նոյն օրը վերադարձաւ  Նիւ Եորք, երբ տեղի ունեցաւ FBI-ի ստուգման այցելութիւնը:

NYT կը հաղորդէ. «(Խուզարկութեան) հրամանագիրը կ՛ենթադրէր, որ քարոզարշաւի համար որոշ օտարերկրեայ ներդրումներ կատարուած են իբրեւ կեղծ նուիրատուներու ցանկին մէկ մասը, ուր նուիրատուութիւնները կատարուած են անուններովը այն մարդոց, որոնք իրականութեան մէջ գումար չեն տուած: Քննիչները ապացոյցներ փնտռած են հնարաւոր մեղադրանքները հաստատելու համար, որոնք կը ներառէին դաշնակցային միջոցներու գողութիւն եւ դաշնակցային միջոցներու գողութեան գործարք, խարդախութիւն ելեկտրոնային միջոցներով եւ խարդախութեան գործարք  ելեկտրոնային միջոցներով, ինչպէս նաեւ նման նուիրատուութիւններ կատարելու համար օտարերկրեայ քաղաքացիներու կողմէ նախընտրական նուիրատուութիւններ եւ գործարք»:

Յուլիսին, Մենհեթընի շրջանային դատախազ Էլվին Պրակ մեղադրանք առաջադրած է եօթը մարդոց դէմ, որոնք դրամահաւաք իրականացուցած են քաղաքապետի 2021 թուականի քարոզարշաւին համար, քանի մը յօդուածներով, որոնց շարքին՝ գաղտնի գործարք ու կաշառք վերցնելու եւ անօրինական նուիրատուութիւններ ուղղորդելու գործարք, ըստ NYT-ի:

FBI-ի քննութիւնը չէ թիրախաւորած անձամբ Էտըմզը։ Ան ըսաւ, որ ինք «յստակ տեղեկութիւններ չէ ունեցած՝ ուղղակի կամ անուղղակի, դրամահաւաքի որեւէ ապօրինի գործունէութեան, առաւել եւս՝ օտարերկրեայ դրամներու մասին»:

Սակայն եթէ ապացուցուի, որ ան գաղտնի գործարքի մէջ մտած է թրքական կառավարութեան հետ՝ քարոզարշաւի անօրինական միջոցներ ստանալու համար, կրնայ ըլլալ, որ  քաղաքապետը ստիպուած ըլլայ հանգստեան կոչուելու Պաքուի կամ Սթամպուլի մէջ, շատ աւելի կանուխ, քան կ՛ակնկալէր:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Comments are closed.