Զենիթ Եւ Քրասնոտար Կը Հրաժարին Ուսումնամարզական Հաւաքի Համար Թուրքիա Մեկնելէ
1543
0
Ռուսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ ռուսական ֆութպոլի երկու խումբեր` Զենիթ եւ Քրասնոտար, կը հրաժարին Թուրքիա մեկնելէ` այդտեղ ուսումնամարզական հաւաք կատարելու համար:
Թուրքիոյ փոխարէն անոնք իրենց հաւաքը պիտի կատարեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ` պատրաստուելու համար Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումներուն:
Ուսումնամարզական հաւաքի վայրի փոփոխութեան հարցը բնականաբար կապուած է Թուրքիոյ մէջ տիրող ապահովական անկայուն իրավիճակին հետ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Լոքոմոթիւ Մոսկուա իր երրորդ հաւաքը պիտի կատարէ Սպանիոյ մէջ` Թուրքիոյ փոխարէն: