Լեպրըն Ճէյմս` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը


lebron-james_122816

«Էսոշիէյթըտ Փրես» միջազգային լրատու գործակալութիւնը 2016-ի լաւագոյն մարզիկը ճանչցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմսը, որ ստացաւ 59 խմբագիրներէն 24-ին ձայնը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի լողորդ Մայքըլ Ֆելփսը` 16 ձայնով: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ժամայքայի վազող Ուսէյն Պոլթ` 9 ձայնով:

Ճէյմս, որ այս տիտղոսին արժանացած էր 2013-ին, այսպիսով Մայքըլ Ճորտընէն ետք կը դառնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի երկրորդ ներկայացուցիչը, որ մէկ անգամէ աւելի կը ճանչցուի իբրեւ լաւագոյն մարզիկ:

Նշենք, որ Ճորտըն այս տիտղոսին տիրացած էր 1993-ին, 1994-ին եւ 1995-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.