Եուրօ-2016. Այսօր` Փորթուգալ – Կալես. Վաղը` Ֆրանսա – Գերմանիա


euro-2016a-logo

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը, արդէն իսկ հասած կը նկատուի իր աւարտին, նկատի ունենալով, որ մնացած են կիսաւարտականի երկու ճակատումները եւ աւարտականի մրցումը:

Կիսաւարտականի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ Փորթուգալ պիտի ճակատի Կալեսի դէմ:

Իսկ երկրորդ մրցումին, վաղը, իրարու դէմ պիտի գան հիւրընկալ երկիրը` Ֆրանսա եւ Գերմանիա:

Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Այսօրուան մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ շուէտացի Եոնաս Էրիքսըն, իսկ հինգշաբթի` իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.