Հայկական բանակը ԱԹՍ-ներու դէմ պայքարի նոր ձեւեր կը փորձարկէ


Հայկական զինուժը ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերը խոցեր է հիմնականօրէն հրազինային զէնքերով եւ գնդացիրներով: Մի քանի ԱԹՍ եւս հայկական զինուժը խոցեր է հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներով. այս մասին Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լիովա Մնացականեանը Մայիս 7-ին յայտներ է հայաստանեան «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան «Ռէվոլյուցիա» հաղորդման ժամանակ:

 Խօսելով իրենց խոցած ատրպէյճանական ԱԹՍ-ներու քանակի մասին՝ հրամանատար Մնացականեանը նշեր է, որ ապրիլեան մարտերուն ընթացքին հայկական ուժերը խոցեր են առնուազն 14 սարք: ՊԲ հրամանատարին խօսքով՝ հակառակորդի մի քանի ԱԹՍ եւս հնարաւոր է, որ խոցուած ըլլան, սակայն անոնց մասին տեղեկութիւնները հաստատուած չեն, այդ պատճառով ալ ՊԲ-ն անոնց մասին չէ յայտարարած:

Մնացականեանը նշեր է նաեւ, որ բանակին մէջ իրենք ԱԹՍ-ներու դէմ պայքարի նոր միջոցառումներ կը փորձարկեն:

«Առջի օր մենք փորձարկումը կատարեր ենք, եւ փորձարկման արդիւնքները յոյս կը ներշնչեն, որ յաջորդ անգամ այդ 14-ը (հակառակորդի խոցուած ԱԹՍ-ներու քանակը – խմբ.) ըլլալու է 28-ը կամ՝ աւելի», նշեր է ՊԲ հրամանատարը:

Նոր միջոցառումներու կիրառման պարագային, ըստ Մնացականեանի, հայկական կողմի դիրքերը աւելի պաշտպանուած ըլլալու են հակառակորդին անօդաչու թռչող սարքերէն:

Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարը նշեր է նաեւ, որ հակառակորդը ունի անձնակազմի խնդիր, որովհետեւ ատրպէյճանցի զինծառայողները չեն կրնար արդիւնաւէտ կիրառկել այդ անօդաչու թռչող սարքերը, ինչպէս եւ ծանր հրանետերն ու լայն տրամաչափի աշխատունակ համակարգերը:

Ստորեւ հրամանատար Լիովա Մնացականեանին հետ հարցազրոյցին ամբողջական տեսագրութիւնը.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.