Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման քայլարշաւ Մոնթրէալի մէջ
«Հորիզոն».- Գանատայի տարածքին Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս, Մայիս 8-ին Մոնթրէալի քաղաքակեդրոնին մէջ կայացած բազմահազարանոց քայլարշաւը դարձաւ շրջանի օտար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան։ Քայլարշաւը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Քեպէգի Միացեալ Յանձնախումբին կողմէ։
Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման համար կազմակերպուած քայլարշաւին մասնակից 4000 քաղաքացիներուն հետ էր Գանատայի ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան, Քեպէգ նահանգի միջազգային յարաբերութիւններու նախարար Քրիսթին Սէնթ Փիեռ, Մոնթրէալ եւ Լաւալ քաղաքներու քաղաքապետական ներկայացուցիչներ եւ այլ քաղաքական պաշտօնատարներ։
Այս տարուան քայլարշաւը կազմակերպողներու շարքին էին MIGS (Montreal Institute for Genocide and human rights Studies), AGAR (Alliance for Genocide Awareness and Remembrance), CIJA (Centre for Israel and Jewish Affairs) եւ Amnesty International Canada.
Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու շարքին իրենց պատուիրակութիւններով Մոնթրէալի եւ Լաւալի պահանջատէր հայութեան զօրակցելու ժամանած էին ասորի, հրեայ, քիւրտ, պոնտացի յոյն, ռուանտացի, սիխ, քամպոտիացի եւ ուքրանացի համայնքները։
Տեղական մամուլն ու հեռատեսիլը լայնօրէն անդրադարձան քայլարշաւին։