Ատրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի մայրն ու կինը հայ են կը յայտնէ xeberman.com կայքէջը
1980
0
Կը պնդուի, թէ ատրպէյճանցի բարձրաստիճան բազմաթիւ պաշտօնատարներ հայ են կամ հայ ազգականներ ունին
Ատրպէյճանցի լրագրող մը հրապարակած է ցանկը ատրպէյճանցի բարձրաստիճան բոլոր այն պաշտօնատարներուն, որոնք «ծագումով հայ են, կամ որոնց կինը հայ է եւ որոնք՝ որպէս այդ սպառնալիք կը հանդիսանան Ատրպէյճանի ապահովութեան համար»:
Ատրպէյճանական xeberman.com կայքէջին վրայ հրապարակուած Ցանկին առաջին տեղը կը գրաւէ վարչապետ Արթուր Ռասիզատէ: Ըստ աղբիւրին, Ռասիզատէի թէ՛ մայրը, թէ՛ կինը, թէ՛ ալ հարսը Հայուհիներ են: Թերթի մը մէջ լոյս տեսած այդ մասին գրութեան մէջ կ՚ընդգծուի նաեւ որ խնդրոյ առարկայ ենթակային ամենէն ատած լեզուն ալ ատրպէյճաներէնն է:
Ըստ յօդուածագիրին, եթէ «երկրին վարչապետը այսքան “յարգանք” կը ցուցաբերէ իր հարազատ լեզուին, ատիկա կը նշանակէ, թէ պէտք է փառք տանք Ալլահին, որ Ատրպէյճանի հողերուն միայն 20%-ը գրաւուած է»։
Ցանկին մէջ տեղ գտած բարձրաստիճան կարեւոր անձնաւորութիւն մըն ալ՝ փոխվարչապետ, Գաղթականներու պետական յանձնախումբի նախագահ Ալի Հասանովն է: Ըստ յօդուածագիրին, ան իր անունը փոխած է: Կը պնդուի, որ երկրին մէջ «հայանպաստ առաքելութիւն» կը ծաւալէ ան եւ գաղթականներն ալ ամէն տեսակի ճնշումի ենթակայ կը դարձնէ ու կ՚իւրացնէ անոնց յատկացուած գումարները:
Այս նոր «սեւ ցանկ»ին անուններէն մէկն ալ Փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան փոխնախարար Ճավիտ Քուրպանովն է: Կ՚ըսուի, թէ իր մեծ-մայրը Հայուհի է եւ որպէս այդ, երկրին ապահովութեան տեսանկիւնէն մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող այս պաշտօնին գլուխը նման անձի մը գտնուիլը ինքնին վտանգ մըն է Ատրպէյճայճանի համար:
Այս պնդումներուն հեղինակը գրած է նաեւ թէ երկրին ուժանիւթի կալուածն ալ Հայոց ձեռքը կը գտնուի: Ըստ իրեն, «Ազէրէնէրժի» ընկերութեան նախագահ Էթիպար Փիրվերտիեւի կինը Հայուհի է եւ ինք ալ շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի Հայերուն հետ:
Ստորեւ xeberman.com կայքէջին վրայ լոյս տեսած վերոնշեալ լրատուութեան յղումը.