«Կեցցէ Մայիս 1-ը». Թուրքիոյ Խորհրդարանի Հայ Պատգամաւորը Հայերէն Գրութեամբ Պաստառ Պարզած Է


Թուրքիոյ մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան  մասնակցած է Մայիս 1-ի` Աշխատանքի եւ աշխատաւորներու միջազգային օրուան առիթով կայացած երթին:

Անթաքիոյ մէջ կայացած երթի ընթացքին հայ պատգամաւորը պարզած է պաստառ մը, որուն վրայ տարբեր լեզուներով, ինչպէս նաեւ` հայերէն գրուած մայիսմէկեան կարգախօսներ եղած են:

Երթի լուսանկարները իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ տեղադրած Փայլան գրած է. «Կեցցէ Մայիս 1-ը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.