Ղարաբաղի հայերը 150 հազար չեն, այլ` 10 միլիոն են
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի արտասանած ճառը Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 24 ապրիլ 2016-ի ցոյցի ընթացքին, ֆրանսայի կառավարութեան ներկայացուցիչի մը ներկայութեամբ
Պրն. Պետական քարտուղար,
Տիկնայք եւ պարոնայք երեսփոխաններ,
Պրն. Փոխ քաղաքապետ,
Պրն. Հայաստանի դեսպան,
Սրբազան Հայր, Հոգեշնորհ Հայր, Սիրելի Պատուելի,
Տիկնայք եւ պարոնայք՝ ընտրեալներ,
Տիկնայք եւ պարոնայք՝ միութիւններու ներկայացուցիչներ,
Տիկնայք եւ պարոնայք, սիրելի բարեկամներ,
Եթէ մեզի ըսէին թէ 2016-ին Թուրքիան, ոճիրէն 100 տարիներ ետք, տակաւին չէ ճանչցած հայոց ցեղասպանութիւնը, պիտի չհաւատայինք: Պիտի չհաւատայինք քանի գիտենք որ մարդկութիւնը ատակ է դէպի յառաջադիմութիւն տանող քայլեր առնելու` ի նպաստ ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան: Մենք չենք բաժներ ժառանգական թշնամիի հասկացողութիւնը, քանի համոզուած ենք, որ ժամանակի, գիտութեան, իմացութեան, եւ խելացիութեան համատեղումը կրնայ նպաստել դէպի ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն յառաջընթացին:
Սակայն Թուրքիոյ պարագային, ակնյայտօրէն, այդ տրամաբանութիւնը արդիւնք չի հասցներ: Աւելին, ժամանակի ընթացքին, թուրք պետութիւնը կազմակերպած է իր քաղաքական յետադիմութիւնը` արդիւնաբերականացնելով հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, եւ սպառնալիքը դարձնելով՝ իր դիւանագիտական բանակցութեան գլխաւոր միջոցը: Էրտողան բռնութեան ուժով կազմակերպած է իրեն յարմարուող թուրք ընկերութիւնը, տարածելով վախի, ատելութեան եւ մերժումի մթնոլորտ: Իր կողմէ լայնօրէն ներշնչուած ահաբեկչութեան վախ, քիւրտերու եւ փոքրամասնութիւններու հանդէպ ատելութիւն, մերժում` բոլոր այն կազմակերպութիւններու որոնք չեն հետեւիր Էրտողանի ուղղութեան: Թուրք ընտրողները յայտնուած են Էրտողանի լարած թակարդին մէջ` ուր ան կը ներկայանայ իբրեւ Ազգին փրկիչը, մինչդեռ կը հաստատէ վախի մթնոլորտ Թուրքիոյ մէջ, կը խեղդէ ընդդիմադիր մամուլը, կը շարունակէ հովանաւորել ճիհատիստները, կը զօրացնէ խորունկ պետութիւնը, եւ Թուրքիան հետզհետէ կ’առաջնորդէ դէպի առաւել ճնշող իշխանական համակարգ:
Էրտողանի իշխանութիւնը Թուրքիան կ’առաջնորդէ դէպի յետադիմութիւն: Յետադիմութիւն` քաղաքականութեան, մարդու իրաւունքներու, փոքրամասնութեանց իրաւունքներու, մամլոյ ազատութեան, կանանց պայմաններու, ժողովրդավարական արժէքներու: Կարելի չէ վստահիլ Էրտողանին` ո՜չ երկրի ներքին իրավիճակը կայունացնելու, եւ ո՜չ ալ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ստեղծելու դերակատարութեան առումով: Ընդհակառակը: Դիմակը ինկած է, եւ Էրտողան, որ կ’ուզէ Թուրքիոյ պատմութիւնը դրոշմել իր իշխանութեամբ, կը միտի իր վերահսկողութեան տակ առնել` Միջին Արեւելքի մէկ բաժինը:
Այս մարդը վտանգաւոր է, այն համակարգը որ կը հաստատէ քանդիչ է, այն Թուրքիան որ կը ձեւաւորէ իր իշխանութեան հասնելէն ի վեր` սպառնալիք մըն է տարծաշրջանի եւ Եւրոպայի համար :
Այս իրողութեան դէմ յանդիման, ժամանակն է որ Պետութիւնները խստութիւն եւ քաջութիւն ցուցաբերեն Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ: Թուրքիոյ պարագային, տկարութիւնը կ’առաջնորդէ տկարութեան: Իբրեւ ֆրանսացի քաղաքացիներ մենք չենք ընդունիր, որ Ֆրանսան կռնակ ծռէ Թուրքիոյ մը առջեւ որ կը յաջողի իր լուծումները թելադրել: Մենք չենք ընդունիր, որ Եւրոպան 6 միլիոն Եւրոյի վարկ յատկացնէ Թուրքիոյ: Մենք չենք ընդունիր Եւրոմիութիւն Թուրքիոյ մուտքի բանակցութեանց վերամեկնարկը: Մենք չենք ընդունիր, որ մարդու իրաւունքներու հարցը չտեղադրուի Անքարայի հետ յարաբերութիւններու կեդրոնը: Մենք չենք ընդունիր թուրք կառավարութեան հետ ընկեր-ընկեր այս խաղը: Այսօր կ’ուզեմ ըսել, որ հանրային կարծիքը կ’ուզէ զօրաւոր Ֆրանսա մը, որ չընդունիր որպէսզի Թուրքիա թելադրէ ի՜ր ընտրութիւններն ու նախընտրութիւնները, ըլլայ Միջին Արեւելքի, քիւրտերու, գաղթականներու, կամ՝ Եւրոմիութիւն իր մուտքին կապակցութեամբ:
Էրտողանի իշխանապետական դիմագիծը այնքան խօսուն է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հարցը կրնայ արագօրէն յարուցուիլ ներքին քաղաքականութեան վիճարկումներուն մէջ: Մանաւանդ վիզաներու ազատականացման խայտառակ հարցին կապակցութեամբ. եւ այս պարագային, իբրեւ քաղաքացի, մենք պէտք պիտի ունենանք յստակութեան, եւ ուշադիր պիտի ըլլանք բոլոր դիրքորոշումներուն: Իբրեւ ֆրանսացի քաղաքացիներ, մենք պէտք ունինք հպարտ ըլլալու Ֆրանսայով: Մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան, արժէքներո, արդարութեան Ֆրանսայով: Այսօր, 24 Ապրիլ 2016-ին, մինչ կ’ոգեկոչենք հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարեդարձը, մենք կոչ կ’ուղղենք Ֆրանսայի` ոստում մը կատարելու: Ֆրանսան պէտք է կրկին դառնայ Ֆրանսա: Եւ Ֆրանսան կրկին Ֆրանսա կը դառնայ՝ եթէ ան քաջութիւնը ունենայ որդեգրելու ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
Հանրապետութեան նախագահին յանձնառութիւնն է այս, եւ ամեն ոք գիտէ որ զայն իրականացնելու համար շատ քիչ ժամանակ մնացած է անոր:
Ֆրանսան կրկին Ֆրանսա պիտի դառնայ, նաեւ եւ յատկապէս` Ղարաբաղի հարցին գծով, որը այսօր համայն աշխարքի եւ Ֆրանսայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած հայութեան մտահոգութեան առարկան է: Մենք մեր միջեւ յստակ ըլլանք. փան-թուրքական ուժերը, Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ, որոշած են արագացնել իրենց երթը` Ղարաբաղը զէնքի ուժով գրաւելու համար:
Ազրպէյճանի կողմէ երեք շաբաթ առաջ կատարուած յարձակումը, պարզ նախաքայլ մըն էր այն քայլին՝ որ Ազրպէյճանի նախագահը կրնայ մեզի համար վերապահած ըլլալ: Ղարաբաղի հայութիւնը ենթարկուեցաւ ազէրի բանակին կողմէ աննախընթաց յարձակումի մը: Ուժգին յարձակում մը` թնդանօթներով, պատերազմական ուղղաթիռներով եւ dron-ներով… Մեքն մտածեցինք թէ վերջնական յարձակումը մեկնարկուած էր :
Անարգելով հրադադարի որոշումը, որ 22 տարիէ ի վեր կը խախտէ տարեկան 5000-էն 10000 անգամ, Ազրպէյճան կը շարունակէ զօրացնել իր ռազմական ուժը, պահելով բանակ մը որուն պիւտճէն կը գերազանցէ Հայաստանի ընդհանուր պիւտճէն:
22 տարիէ ի վեր Ազրպէյճան կը խախտէ հրադադարը, անտեսելով իր միջազգային յանձնառութիւնները : Այս անընդունելի է :
22 տարիէ ի վեր Ազրպէյճան կը մերժէ իրեն առաջարկուած խաղաղութեան բոլոր նախագծերը : Այս անընդունելի է :
22 տարիէ ի վեր, Ազրպէյճան կը սպառազինուի, աւելի լաւ պատրաստելու համար պատերազմը : Այս անընդունելի՜ է :
Փան-թուրքական ուժերը, նախագահներ` Ալիեւ եւ Էրտողան, պատրաստ չեն որեւէ զիջումի Ղարաբաղի կապակցութեամբ: Այս անընդունելի՜ է :
Այն երկիրները, որոնք գործուղղուած են Ղարաբաղի մէջ խաղաղութիւն ստեղծելու, զէնք կը վաճառեն Ազրպէյճանին : Այս անընդունելի՜ է :
Ազրպէյճանի սպառազինման մասնակցելով, կարելի չէ խաղաղութիւն ստեղծել : Այս անկարելի՜ է :
Երբ ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա զէնք կամ ռազմական դիտումի արբանեակներ կը վաճառեն Ազրպէյճանին, ո՜չ, այդ երկիրները խաղաղութիւն չե՜ն պատրաստեր : Ի՞նչ պատգամ կը փոխանցեն անոնք Ազրպէյճանին:
Խաղաղութիւն պարտադրել՝ զէնքե՞ր վաճառելով անոր:
Ազրպէյճանին զէնքեր կամ ռազմական դիտումի արբանեակներ վաճառել, կը նշանակէ քաջալերել զայն հայերու դէմ պատերազմելու: Եւ մենք այդ չե՜նք կրնար ընդունիլ: Այսօր ամեն ոք պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները: Մենք պիտի չսպասենք որպէսզի Ազրպէյճան իր վերջնական յարձակումը կատարէ Ղարաբաղի հայութեան դէմ` գործի անցնելու համար: Այսօր ժամանակն է բոլոր միջոցներուն դիմելու, ապահովելու համար Ղարաբաղի հայութեան անվտանգութիւնը: Այսօր ժամանակն է Ազրպէյճանին պարտադրել որպէսզի ընդունի սահմաններու ելեկտրոնային վերահսկումը, որ ընդունած է Հայաստան, եւ պատժել այն երկիրը՝ որ կը խախտէ հրադադարը : Այսօր ժամանակն է պարտադրել արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան գործընթաց մը: Ղարաբաղը հազարամեակներէ ի վեր հայկական հող է: Ան միմիայն Սթալինի կամքով Ազրպէյճանին յանձնուած է 1923 թիւին: Սթալին` ամենէն մեծ ոճրագործը զոր ճանչցած է այս աշխարհը, Հիթլերի, Թալիաթի եւ կարգը այլ չարագուշակ անձնաւորութիւններու շարքին: Պէտք է շարունակել ապաստալինականացումը` կազմակերպելով ինքնորոշման հանրաքուէ: Եւ Ղարաբաղի հայերը պիտի որոշեն եթէ կը փափաքին ըլլալ անկախ թէ՞ միանալ Հայաստանին: Այն ինչ յստակ է, երբեք, այլեւս երբեք Ղարաբաղը ազերիական վարչակազմին միացնելու հարց չի կրնար ըլլալ:
Ղարաբաղի հայերը 150 000 չեն, այլ` 10 միլիոն են: Քանի համայն աշխարհի հայերը ղարաբաղցիներ են: Մենք բոլո՜րս ղարաբաղցիներ ենք: Եւ Ղարաբաղի համար, մենք պատրաստ ենք մինչեւ ծայր երթալու, ինչպէս նաեւ քաղաքական կարգ մը բարեկամութիւններ հարցականի տակ դնելու, որոնց շարքին նաեւ շատ հեռու անցեալ ունեցողները, եթէ զգանք՝ որ մատնուած ենք: Քանի ընկերութեան յարգանքը պէտք է ըլլայ փոխադրաձ:
Եւ յարգել իր ընկերները, կը նշանակէ նաեւ յարգել իր յանձնառութիւնները: Յանձնառութիւնը, յանձնառութիւն է: Նոյնիսկ եթէ պէտք է լեռներ շարժել զանոնք յարգելու համար, ուրեմն թող շարժե՜նք լեռներ, նոյնիսկ եթէ պէտք է շրջանցել պետական տրամաբանութիւնը, ուրեմն թող շրջանցենք զայն: Խոստումը պէտք է վերագտնէ իր իսկական իմաստը, եթէ կ’ուզենք հաշտեցնել քաղաքականութիւնն ու քաղաքցին :
Եզրակացնելու համար, մտածումներս կ’ուղղեմ բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը վտանգելով, կը պայքարին մարդու իրաւունքներու, ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար : Եւ մտածումներս կ’երթան անշուշտ բոլոր այն երիտասարդներուն որ կը պաշտպանեն Ղարաբաղի սահմանները :
Կ’ուզեմ յիշել նաեւ այն բոլոր մարտիկներուն, որոնք պայքարած են իրենց կեանքը նուիրաբերելով Ղարաբաղին եւ հայ դատին: Կ’ուզեմ յիշել նաեւ անոնց որոնք տակաւին բանտերու մէջ են: Կը յիշեմ բոլոր պայքարողները: Կը յիշեմ նաեւ Հրանտ Դինքը, սպաննուած 9 տարի առաջ Թուրքիոյ մէջ, եւ կ’ուզեմ այսօր քաջալերել Կարօ Փայլանը, որ մեծ մարդ մըն է, շատ քաջ, HDP-ի [Թուրքիոյ Ժողովուրդներու Ժողովրդավար կուսակցութեան] երեսփոխան, որ կը պայքարէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` նոյնինքն Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս: Օրեր առաջ ան յարգանքի խօսք արտասանած է հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած բոլոր հայ երեսփոխաններուն կապակցութեամբ:
Սիրելի բարեկամներ, կ’ուզեմ ձեզի ըսել՝ որ մենք պիտի յաղթենք քանի իրաւունքի, ճշմարտութեան եւ արդարութեան պաշտպաններ ենք:
Մենք պիտի յաղթենք, քանի մենք դարձեալ հոս ենք հայոց ցեղասպանութեան ոճիրէն 101 տարիներ ետք :
Մենք պիտի յաղթենք, քանի սերնդէ սերունդ մեր կամքը աւելի կը զօրանայ :
Կեցցէ՜ Ֆրանսան,
Կեցցէ՜ Հայաստանը,
Կեցցէ՜ Լեռնային–Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: